Հովանաւորութեամբ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, ուրբաթ, 10 հոկտեմբերին, սկիզբ կ՛առնէ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի արաբական 24-րդ մրցաշարքը` Մանարայի դաշտին վրայ:
Ֆիտաա Ռիատի – Սայտա ակումբին հետ գործակցաբար տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ութ խումբեր` Լիբանանէն եւ արաբական երկիրներէ:
Բացման հանդիսութեան, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, խօսք պիտի առնեն երեսփոխան Հարիրի եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար:
Նշենք, որ կազմակերպիչ յանձնախումբը Ատհայի տօնէն ետք պիտի հրապարակէ մասնակցող խումբերուն անունները եւ մրցաշարքին յայտագիրը:


