«Մերսետես»-ի գործադիր տնօրէն Թոթօ Վոլֆ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ հետեւեալը. «Մեր խումբը պարտաւոր չէ իրարու հետ հաշտեցնել Նիքօ Ռոզպըրկը եւ Լուիս Հեմիլթընը: Անոնք իրարու հետ լարուած յարաբերութիւններ ունին, հակառակ այն իրականութեան, որ մէկ խումբի մաս կը կազմեն: Եթէ Ռոզպըրկ եւ Հեմիլթըն 25 տարի շարունակ իրենց առջեւ ախոյեան հանդիսանալու խնդիր կը դնեն, ապա ուրեմն անոնց ոչ ոք չի կրնար ստիպել գլխաւոր հակառակորդին լաւագոյն ընկեր նկատել»:
Նշենք, որ 2014-ի «Ֆորմիւլա-1»-ի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այժմ պայքարը շատ սուր կ՛ընթանայ անոնց երկուքին միջեւ: Հեմիլթըն ունի 241, իսկ Ռոզպըրկ` 238 կէտ:


