Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նախորդ շաբաթավերջին, Մայնց-05-ի դէմ տեղի ունեցած «Պունտըսլիկա»-ի մրցումին (4-րդ) 90-րդ վայրկեանին վիրաւորուեցաւ:
Ըստ Տորթմունտի բժիշկ Մարքուս Պրաունին 25 տարեկան Մխիթարեան ապաքինելու համար կարիք ունի 4 շաբթուան:
Ասիկա կը նշանակէ, որ Մխիթարեան շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չբերէ 11 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստան – Սերպիա մրցումին, որ կ՛իյնայ Եուրօ-2016-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:


