Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Հրայր Մկոյեան նախորդ շաբաթավերջին Իրանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ֆուլատ – Իսթիղլալ մրցումին վնասուածք ստացած է:
Ըստ բժիշկներուն, ան ինքզինք վերագտնելու համար 2 շաբթուան կարիքը ունի:


