Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Կարմիր Գիծ Ճշդելու Փորձ Մը

September 23, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

0922_vahoԱնդրադառնալով Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարման` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարեց, որ սրբավայրին նկատմամբ այս զարհուրելի բարբարոսութիւնը ցոյց կու տայ Իսլամական պետութեան վայրագ էութիւնը: Այդ արարքը նաեւ ցոյց կու տայ պատուիրատուին էութիւնը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Հայաստան-սփիւռք համահայկական 5-րդ համաժողովին ընթացքին յայտարարեց. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մօտ թուականին Թուրքիոյ դէմ դատ պիտի բանայ` պահանջելով Սիսի կաթողիկոսարանը»: Թուրքիոյ պատասխանը չուշացաւ: Վեհափառ հայրապետին յայտարարութենէն երկու օր ետք ՏԱՀԵՇ պայթեցուց այն եկեղեցին, ուր ամփոփուած են Հայոց ցեղասպանութեան բազմաթիւ նահատակներու մասունքները, իսկ անոր կից թանգարանին մէջ` ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ վաւերագիրներ: Այդ արարքը զուգադիպութիւն մը չէր:

Անհրաժեշտութիւն կա՞յ յիշեցնելու, որ Թուրքիան այն երկիրն է, որուն սահմանէն Սուրիա եւ Իրաք մուտք կը գործեն ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները,  անոր զէնքն ու զինամթերքը, ֆինանսաւորումը, ինչպէս նաեւ այդ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ ճամբով է, որ իր աւարած քարիւղը կը վաճառէ եւ օրական միլիոնաւոր տոլարներու շահ կ՛ապահովէ: Իրեն տրամադրուած դիւրութիւններուն դիմաց այդ կազմակերպութիւնը իր կարգին ծառայութիւններ կը մատուցէ Անգարային: Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու բանբեր Պուլաթ Ճան վերջերս յայտարարեց, որ Անգարա Թել Ապիատ շրջանին մէջ քիւրտերուն դէմ զինած է ՏԱՀԵՇ-ը: Վերջինս թրքական գաղտնի սպասարկութեան հետ համաձայնութեան մը ծիրին մէջ իր մօտ գտնուող 49 թուրք պատանդները ազատ արձակելէ շուրջ 2 օր ետք մեծ յարձակում մը շղթայազերծեց մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած Այն Արապի դէմ, գրաւեց անոր մերձակայ գիւղերը, անխտիր հաշուեյարդարի ենթարկեց եւ տեղահանեց տեղւոյն բնակչութիւնը: ՏԱՀԵՇ-ի այս արշաւին նպատակը  Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ մղձաւանջը եղող քրտական ապագայ ինքնավարութեան մը վտանգին չէզոքացումն է:

Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ ականահարումն ալ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Թուրքիոյ մատուցուած ծառայութիւն մըն է: Անգարա Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին պայթեցնելով կը փորձէ սանձել հայերու «թռիչքը» եւ ճշդել կարմիր գիծ մը, որուն շրջանցումին պիտի հակադարձէ այսպիսով` թրքական պետութեան յարիր ձեւով:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Յունաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

Մոսկուան Ընկերակցութեան Համաձայնագիրի Հարցով Եւրոպական Միութեան Եւ Ուքրանիոյ Երեք Պահանջ Ներկայացուցած Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.