Կազմակերպութեամբ Միրիամիին – Շանվիլ ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, տեղի կ՛ունենայ չորս օրերու վրայ (19, 20, 23 եւ 24 սեպտեմբեր) երկարող աթլեթիզմի մրցաշարք մը` տղոց եւ աղջկանց բոլոր դասակարգերուն մէջ:
Մրցաշարքին առաջին օրը` երէկ, լիբանանեան երեք նոր մրցանիշներ հաստատուեցան:
Աղջկանց 2000 մեթր քալելու մրցումներուն, Սենտի Քարամ եւ անոր քոյրը` Քլոյէ Քարամ, տեղական երկու նոր մրցանիշներ հաստատեցին:
Սենտի Քարամ (Շանվիլ) երիտասարդ աղջիկներու եւ մեծ աղջկանց մրցումներուն լիբանանեան նոր մրցանիշ հաստատեց` արձանագրելով 10′ 22″ 26 արդիւնք մը, իսկ փոքր աղջիկներու մրցումին, Քլոյէ Քարամ (Շանվիլ) իր կարգին նոր մրցանիշ մը հաստատեց` արձանագրելով 12′ 29″ 26 արդիւնք մը:
Իսկ երրորդ մրցանիշ հաստատողը հանդիսացաւ Ժատ Խուրի (Շանվիլ), որ տղոց 80 մեթր վազքի մրցումին (հովու արագութիւն` 2,3) արձանագրեց 9″ 28 արդիւնք մը:


