Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ Goal.com կայքը կը հաղորդէ, որ ֆրանսական Պասթիայի պրազիլցի յառաջապահ Պրանտաօ Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 6 ամիսով կախակայուեցաւ, Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2-րդ հանգրուան) մրցակից կազմին մարզիկներէն Թիակօ Մոթթայի քիթը կոտրած ըլլալուն համար:
Ան ֆութպոլի դաշտերը կրնայ վերադառնալ 22 փետրուար 2015-ին:
Նշենք, որ այս միջադէպը տեղի ունեցաւ, երբ երկու խումբերուն մարզիկները մրցումէն ետք կ՛ուղղուէին հանդերձարան:
Նախքան անոր այս որակազրկումը, լուրեր կային, որ ան երեք տարիով կրնայ կախակայուիլ եւ 45 հազար եւրոյի տուգանքի ենթարկուիլ:


