Մարզասէրներուն համար թերեւս ցարդ յայտնի չէ, որ Ռիօ Տը Ժանէյրոյի մէջ 2016-ին տեղի ունենալիք ամառնային ողիմպիական խաղերուն բացման արարողութիւնը ի՛նչ ձեւով պիտի ընթանայ: Պարզ է միայն, որ այդ հանդիսութեան ներկայ գտնուիլը քիչ մը սուղ պիտի արժէ անոնց:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Ռիօ 2016-ի յանձնախումբը հրապարակեց տոմսերուն գիները:
Ամէնէն շատ պահանջուածները խաղերուն բացման արարողութեան տոմսերն են, որոնց գինը կը հասնի մինչեւ 2000 ամերիկեան տոլարի, իսկ ամէնէն աժան տոմսը կ՛արժէ 87 ամերիկեան տոլար:
Ընդհանրապէս ողիմպիական խաղերուն ամբողջ ընթացքին վաճառքի կը հանուի 7,5 միլիոն տոմս: Անոնք կը սկսին ծախուիլ 2015-ին սկիզբը: Իսկ նոյեմբերին կը սկսի գործել նաեւ տոմսերու գնման յատուկ կայք:


