16-17 սեպտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ – «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի խորհրդաժողովը` մասնակցութեամբ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ բոլոր 54 երկիրներու հաւաքականներու մարզիչներուն եւ թեքնիք տնօրէններուն:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ այս խորհրդաժողովին Հայաստանը կը ներկայացնէին ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ եւ ֆետերասիոնի արտօնագրման բաժինի նախագահ Արթուր Ազարեան:
Խորհրդաժողովին 2 օրերուն ընթացքին քննարկուած են ֆութպոլի վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին` թեքնիքի վերաբերեալ նորութիւններ, իրաւարարի եւ առողջապահական խնդիրներ եւ այլն:


