Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միջազգային Համայնքը Համապարփակ Քաղաքականութիւն Մը Պէտք Է Մշակէ Դիմագրաւելու Համար Ահաբեկչութիւնը» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 15, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_9510Ուաշինկթընի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող միջազգային համագումարին իր խօսքը ուղղելով` Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց համապարփակ ռազմավարութեան ու մարտավարութեան մշակման անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը միջազգային համայնքին կողմէ, դիմագրաւելու համար տակաւ ծաւալող ահաբեկչական շարժումները: Վեհափառ հայրապետը իր դասախօսութեան սկիզբը, հակիրճ կերպով անդրադառնալով կրօնական արժէքներու եւ ուսուցումներու թիւր մեկնաբանութեան վրայ հիմնուած եւ ահաբեկչութեամբ ինքզինք արտայայտող շարժումներուն, ընդգծեց զինուորական գործողութիւններէ անդին, յստակ ու ծրագրուած քաղաքականութեան մը որդեգրումին կարեւորութիւնը: Վեհափառ հայրապետը  յիշեցուց, թէ ինչ որ կը պատահի Միջին Արեւելքի մէջ, սոսկ քրիստոնեաներուն մտահոգութիւն պատճառող տագնապ մը չէ, Միջին Արեւելքի շրջագիծէն ներս ծաւալող տագնապ մը չէ, նոյնիսկ միայն իսլամութեան առնչուած տագնապ մը չէ, այլ համամարդկային տարողութիւն ու հետեւանք ունեցող տագնապ է: Հետեւաբար համապատասխան մօտեցում պէտք է որդեգրել միջազգային համայնքը ցնցող այս կացութեան դիմաց: Արամ Ա. կաթողիկոս առաջարկեց յստակ ու ծրագրուած ուղղուածութիւն ունեցող գործընթացի մը ճշդումը: Այս ծիրէն ներս, մէկ կողմէ որպէս պայքար ահաբեկչութեան դէմ, եւ միւս կողմէ` որպէս պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան, վեհափառ հայրապետը պարզեց հետեւեալ կէտերը.-

Ա.) Ժողովրդավարական սկզբունքները շրջանէն ներս պէտք է կիրարկուին հանգրուանային մօտեցումով եւ նկատի ունենալով շրջանին իւրայատկութիւնները:

Բ.) Յարգել եւ հետապնդել բազմակրօն ու բազմամշակութային ընկերութեան պաշտպանութիւնը` զայն նաեւ հիմնաւորելով սահմանադրական օրէնքներով:

Գ.) Ամրապնդել միաստուածեան կրօններու միջեւ սերտ գործակցութիւնը` ընդհանրական ու հասարակաց հարցերու շուրջ:

Դ.) Արեւմտեան երկիրներու եւ արաբական ու իսլամական երկիրներու գործօն մասնակցութեամբ, մշակել այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ ներառէ կարճաշունչ ու երկարաշունչ ծրագիրներ եւ գործընթացներ, ինչպէս նաեւ` տնտեսական, քաղաքական ու զինուորական միջոցառումներ:

Ե.) Սփիւռքի քրիստոնեայ համայնքներու զօրակցութեան տալ գործնական ու շօշափելի արտայայտութիւն` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու նկատմամբ:

Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ Ուաշինկթըն չենք եկած Արեւմուտքի զօրակցութիւնը խնդրելու, այլ եկած ենք յիշեցնելու, թէ կրօններ ու պետութիւններ պէտք է միասնաբար դիմագրաւեն ահաբեկչութիւնը, որ համամարդկային չարիք է:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց, որ իսլամ երկիրներ եւ քաղաքական ու կրօնական պատասխանատուներ պէտք է գտնուին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաջին գիծին վրայ` նկատի ունենալով իսլամական կրօնի շահագործումը ծայրայեղական շարժումներուն կողմէ:

Նոյն օրը, առաւօտեան, յաջորդաբար դասախօսեցին Միջին Արեւելքէն ժամանած հինգ պատրիարքները: Արամ Ա. կաթողիկոսին դասախօսութեամբ համագումարը եզրակացուց իր օրակարգին կարեւորագոյն բաժինը:

Նախորդը

Շարժումի, Յիշողութեան Եւ Արտայայտութեան Միջեւ. Կ՛ուզէ՞ք Աւելի Արագ Սորվիլ. Գործածեցէք Ձեր Մարմինը

Յաջորդը

Պուրճ Համուտ. (Պատանեկութեան Ու Երիտասարդական Տարիներ)*

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.