
Լիբանանի Ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի նախօրեակին կատարուելիք բարեկամական մրցումներուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր բարեկամական մրցումը կատարեց Բ. դասակարգին մաս կազմող Սաժես Պէյրութի դէմ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, եւ խաղէն յաղթական դուրս եկաւ ՀՄԸՄ` 5-1 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին` Խաժակ(2), Մամաս, Քրիսթիան եւ Սերժ:
Իսկ Լիբանանի ֆութպոլի երիտասարդներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի երիտասարդներու խումբը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, մրցեցաւ Թատամոն Սուրին դէմ, Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, եւ 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:


