Անցեալ շաբթուան ընթացքին «Ազդակ» իր մասնակցութիւնը բերաւ Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կից գործող Քարիւղի հարցերու տնօրինման խորհուրդին կազմակերպած երկօրեայ աշխատանիստին, որուն ընթացքին լիբանանեան մամուլն ու լրատուամիջոցները ներկայացնող լրագրողներուն տրամադրուեցան օգտաշատ զեկուցումներ խորհուրդի տարբեր բաժանմունքներուն, աշխատանքներուն, նպատակներուն եւ ընդհանրապէս քարիւղի եւ բնական կազի մարզին մասին լրատուութեան թեքնիքներուն եւ յատուկ բառամթերքին մասին:
Աշխատանիստին մասին մանրամասն պիտի անդրադառնանք հետագային:


