ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը քաղաքական հովանաւորութեան կարիք ունի` երկրին քաղաքական իշխանութիւններէն: Ան կոչ ուղղեց բոլորին ազգային պատասխանատուութեամբ վարուելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց առեւանգուած զինուորականներու թղթածրարին նկատմամբ ազգային պատասխանատուութեամբ վարուիլ եւ ամէն ջանք ի գործ դնել անոնց ողջ վերադարձը երաշխաւորելու համար:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս հաստատեց, որ ոեւէ բանակայինի սպանութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն դէմ ապտակ կը նկատուի:
ԴԻՄԱԿԱՒՈՐ զինեալներ ներխուժեցին խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի Անֆէի բնակարանը եւ երկու գնդացիրներ գողցան:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ իրենք վճռակամ կը մնան հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակելու առումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին շեշտեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Լիբանանի ներքին կացութեան վրայ:
ԿԸ նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի միջինարեւելեան շրջապտոյտի մը շրջագիծին մէջ Լիբանան այցելէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան պարագային Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութենէն կարելի չէ զիջիլ:
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան կը վախնայ, որ իր տկար կառավարութեամբ կը դառնայ ՏԱՀԵՇ-ի յաջորդ թիրախը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի մտավախութիւն յայտնեց, որ առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը լուծելու ջանքերը կառավարութեան ջանքերէն շատ աւելի մեծ ըլլան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, քաթարեան բարձր մակարդակի միջամտութիւն մը ընթացքի մէջ է` ազատ արձակելու համար առեւանգուած զինուորները:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, այս շաբթուան ընթացքին նախարարական եւ երեսփոխանական ֆրանսական պատուիրակութիւններ պիտի այցելեն Լիբանան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նախաձեռնութիւնը ոչ մէկ նորութիւն բերած է, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութիւնը անհեթեթ է:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր թեկնածութիւնը միայն Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կը զիջի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը ազգային պարտականութիւն էր` պահպանելու համար Դիմադրութիւնը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի ընդգծեց, որ սուրիացի գաղթականները իրենց երկիրը վերադարձնելու համար անհրաժեշտ է գործակցիլ սուրիական պետութեան հետ:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու միութիւնը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին միութեան նախագահ Ատնան Քասսար կոչ ուղղեց զիջումներ կատարելու, որպէսզի Լիբանանը ապահով մնայ եւ փրկուի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին արմատական լուծում մը շնորհելու ժամանակը հասած է:
ՍԱՅՏԱՅԻ «Քուտս» մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ յայտնեց, որ իրենք տակաւին կը զօրակցին լիբանանեան պետութեան, հակառակ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով անոր արձանագրած թերացումներուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի պատասխանատուներէն նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ, հակառակ անոր որ այս հանգրուանին երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը անկարելի է:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ իրենք պատասխանատուութեամբ կը վարուին առեւանգուած զինուորականներուն թղթածրարին հետ` լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը պահպանելու եւ զինուորականները փրկելու առումով: Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Լիբանան անել կացութեան մատնուած է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ իր խօսքը ուղղելով բանակայիններու ծնողներուն ըսաւ, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն անոնց առողջութիւնն ու ազատ արձակումը ապահովելու իմաստով:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալեն Հաքիմ հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը միտի բանակայիններ առեւանգող ոճրագործներուն դէմ զօրացնել իր պայմաններն ու պահանջները:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս հաստատեց, որ կառավարութիւնը չի կրնար վաւերացնել արգելափակեալներուն ազատ արձակումը` աւելցնելով, որ այդ հարցը Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն տրամադրութեան տակ կը գտնուի: Ան շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ Լիբանանի մէջ զօրակիցներ չունի, աւելցնելով, որ անոր նպատակն է երկրին համայնքային եւ յարանուանական բաժանումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Քարամէ պահանջեց անմիջապէս ազատ արձակել առեւանգուած զինուորականները եւ պահպանել լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Վատիկանի աղբիւրներ յայտնած են, որ իրենք Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը զուտ քրիստոնէական հարց մը չեն նկատեր:
ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ նախարար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ եթէ իսլամական զինեալները նոյնիսկ մէկ առեւանգեալ բանակային մահապատիժի ենթարկեն, ապա տարբեր շրջաններու մէջ եւ դիրքերու վրայ իրենց ցաւ պատճառող քայլերու ականատես պիտի դառնան:
ԶԱՀԼԷԻ եւ Պեքաայի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ Տարուիշ եպիսկոպոս յայտնեց, որ շրջանին քրիստոնեաները պարպելու ծրագիր մը գոյութիւն ունի:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլ կը միտի մինչեւ Ռիֆ Տիմաշք երկարող տիւրզիական գիւղերուն շարքը բռնագրաւել:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը տակաւին ոչ մէկ որոշում տուած է իսլամական բանտարկեալները ազատ արձակելու առումով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի հաստատեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը զգայուն է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այդ թղթածրարը տեղեկատուական մարզէն հեռու պահել:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, կարգ մը լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ ոչ մէկ շահ ունին առեւանգուած զինուորականներուն ազատ արձակումէն:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի մէջ քաղաքացիի մը սպանութիւնը մղած է, որ կառավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ առեւանգուած զինուորները իսլամական բանտարկեալներով փոխանակելու իր կեցուածքը:
ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հաստատեցին, որ միասնական կեցուածքը առեւանգուած զինուորականները ազատ արձակելու նախապայմանն է:


