Երէկ Գահիրէի Արաբական լիկայի Գահիրէի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Պաղեստինի, Իրաքի եւ Սուրիոյ վերաբերող հարցերը: Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ներկայ նստաշրջանի նախագահութիւնը ստանձնեց Մաւրիտանիան:
Նախքան պաշտօնական նիստը տեղի ունեցած խորհրդակցական ժողովի ընթացքին Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ առաջարկեց, որ լիկային հրապարակելիք որոշումին խորագիրը ըլլայ արաբական աշխարհի կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմի յայտարարութիւնը:
Նիստի ընթացքին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի, անդրադառնալով Սուրիոյ, Իրաքի, Պաղեստինի եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց, յայտնեց, որ արաբական աշխարհի դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրը ՏԱՀԵՇ-ն ու «բոլոր ահաբեկչական, կրօնական եւ ծայրայեղական խմբաւորումներ են»` պահանջելով, որ արաբական յստակ եւ վճռական որոշում մը որդեգրուի ահաբեկչութեան դէմ զինուորական եւ քաղաքական արշաւի մը ձեռնարկելու` զինուորական, գաղափարախօսական, ապահովական, մշակութային եւ տնտեսական համապարփակ դիմակայման ճամբով:
«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները համաձայնութիւն գոյացուցած են ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչական այլ խմբաւորումներու դէմ միջոցառումներ որդեգրելու:
Ամերիկեան Օդուժի Հարուածներ`
Իրաքի ՄԷՋ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերուն Դէմ
«Քորրեսփոնտընթ» կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ օդային հարուած հասցուցած են Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ` երկրին հիւսիսը գտնուող ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող վայրի մը մօտ:
Գործողութիւնը կատարուած է մայրաքաղաք Պաղտատէն 240 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք գտնուող Անպար շրջանի Հատիթա քաղաքին մօտ գտնուող ամբարտակի մը մօտ: Քաղաքին առջեւ կառուցուած ամբարտակը ռազմավարական նշանակութիւն ունի եւ անոր աւերումը կրնայ պատճառ դառնալ հսկայական տարածքի ողողման:
«Իրաքի մէջ կառավարութեան խնդրանքով եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու ու վայրերու պաշտպանութեան մեր առաքելութեան ծիրին մէջ ամերիկեան օդանաւերը սկսած են հարուածներ հասցնել Հատիթայի ամբարտակին մօտ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Գոյութիւն ունի, այն վտանգը, որ ՏԱՀԵՇ կ՛ուզէ գրաւել ամբարտակը, որ այժմ կը գտնուի իրաքեան բանակի վերահսկողութեան տակ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ ամերիկեան օդային հարուածները տեղի ունեցած են իրաքեան կառավարութեան խնդրանքով:


