Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՐ 29-ՐԴ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` ԺԱՆ-ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

July 16, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Գեղարուեստի ո՞ր դպրոցին հետեւորդ կը համարես դուն քեզ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Արուեստի թէ գեղանկարչութեան գրեթէ բոլոր դպրոցները իրենց ազդեցութիւնը ձգած են արտայայտչական ոճի ստեղծագործութիւններուս վրայ: Ազդուած եմ 30 հազար տարի քարանձաւային նկարչութենէն` Լասքօ կամ Ալթամիրա (որ աւելի «նոր» 10 հազար տարի է…): Ազդուած եմ Վան Կոկէն եւ աւելի առաջ` տա Վինչիէն, Քարապաճիոյէն, Ճիոթթոյէն: Պատմութիւն սորվելով, աշխարհ տեսնելով, Ափրիկէէն Ճափոն, ուր կ՛ազդուիս Շինթօ պուտտիստական գեղանկարչութեամբ: Ինչպէս նաեւ հօրս` Փոլ Կիրակոսեանէն, որուն աշխատանքը կը դիտէի փոքր տարիքէս:

Հ.- Ի՞նչ են ծրագիրներդ եւ նպատակներդ` գեղարուեստի կեանքին մէջ, որպէս մեծ արուեստագէտի մը զաւակ:

Պ.- Ամէն արուեստագէտ կը ձգտի հասնելու ամէնէն բարձր տեղը…: Բայց ես չեմ տառապիր,  որ հասնիմ, այլ կը գծեմ ու նկարեմ, որովհետեւ արեանս մէջ կայ…: Ամէն ինչ ըրի, որ գծագրիչ չըլլամ, բայց ինչպէս որ կը շնչես, կը ճաշես, թմրեցուցիչի նման, պէտք է նկարեմ, որ հանգիստ ընեմ…: Փոքր տարիքէս բարդոյթ ունէի գեղանկարչութեան հանդէպ, որովհետեւ հայրս արուեստագէտ էր, եւ բոլորը կը հարցնէին, թէ ե՞ս ալ նկարիչ պիտի դառնամ: Կարեւորը դրամ շահիլը չէ, ուրիշ ասպարէզներ ալ կային այդ հարցը լուծելու: Կարեւորը դրամը չէ, այլ հանգիստս է:

Հ.- Միջազգային թէ հայկական գեղանկարչութեան ո՞ր դէմքերը կը խօսին սրտիդ:

Պ.- Իբրեւ արուեստագէտ` բոլորին կը սիրեմ: Ամէն մէկը իր աշխարհն ու ձեւը ունի արտայայտութեան: Ես անոնցմէ կը սորվիմ եւ ոչ թէ կ՛ընդօրինակեմ: Կը փորձեմ անոնց աշխարհը բաղդատել իմ աշխարհիս հետ եւ ընդհանուր յայտարար մը գտնել: Իբրեւ հայ արուեստագէտի` փոքր տարիքէս կը ճանչնամ Մինաս Աւետիսեանը: Ամէնօրեայ տրամադրութիւնն ալ մեծ դեր ունի ստեղծագործութեան մէջ:  Օրինակ, երբ կը տեսնեմ թէ բազմաթիւ հայեր թրքական ապրանք կը գնեն եւ թրքերէն երգեր կը լսեն, նեղութիւն կը պատճառեն ինծի: Այսօր շատ շուտ մոռցան որ մեծ մայրը իր 5 զաւակները կորսնցուց Եղեռնի ընթացքին: Առաւել եւս, ջարդարարը կ՛ըսէ, թէ ինք բան մը չէ ըրած, այլ ինքնապաշտպանութիւն ըրած է մեր ջարդին դէմ…: Անոնք որոնք դրամ կու տան ջարդարարին եւ կ՛ըսեն թէ այդ հին սերունդը վերջացաւ, հայութենէն դուրս կու գան եւ գոյնը կը փոխեն, ըստ ինծի:

Հ.- Գեղանկարչութեան այս քանիերո՞րդ ցուցահանդէսդ է եւ այս առիթով ի՞նչ կը ցանկանաս փոխանցել մեր ընթերցողներուն, որպէս նկարիչ-արուեստագէտներու ընտանիքի զաւակ:

Պ.- Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ 29-րդ ցուցահանդէսս է: Մի՛ ընդօրինակեր, այլ նկարէ այն, ինչ որ կը զգաս, եւ այդ միջոցով է որ յառաջ պիտի երթաս: Եթէ ուրիշին աշխարհը փորձես ընդօրինակել, ապա եւ անծանօթ մթնոլորտի մէջ կը մտնես եւ հոն կը կորսուիս: Դո՛ւն ես, տարբեր անձ մը, տարբեր ժառանգական տուեալներով մեծցած: Եթէ առնեմ Փոլ Կիրակոսեան մը եւ «քլոնինկ» ընեմ, տարբեր շրջապատի ու մթնոլորտի մէջ, ուրիշ ստեղծագործութիւններ ու պաստառներ պիտի նուիրեն գեղարուեստի պատմութեան…: Այնպէս որ, ամէն արուեստագէտ իր աշխարհը ունի, եւ այդ աշխարհին մէջ թող մնայ ու ստեղծագործէ եւ այնտեղ է, որ մեծ յառաջդիմութիւն եւ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ:

Հարցազրոյցը վարեց`
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Պէյրութ

Նախորդը

ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ. ՇԻՆԻՉ ԴԱՍԵՐ ՔԱՂԵԼՈՒ ԱՌԻԹՆԵՐ

Յաջորդը

«ԴՐՕՇԱԿ»Ի ՀԱՐՑԵՐԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՈՒՄ Է ԼՂՀ-Ի ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԱՐԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։