ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ամառը կը հասնի իր աւարտին, ուրեմն մօտալուտ աշնան հաշիւը պէտք է ընէք, մասնաւորապէս` կլիմայական իմաստով: Քիչ մը եւս կրնաք օգտուիլ ծովէն եւ մրգաստաններու բարիքէն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պատրաստուեցէք վերամուտի պահանջներուն` կրթական, ուսումնական կամ բնակարանային կարգադրութիւններով: Ջանացէք հերթով պատրաստուիլ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշնան յատուկ նոր ծրագիրներ պատրաստած էք: Շնորհիւ ձեր արթնամտութեան` պիտի կարենաք ճիշդ ժամանակին աւարտել ձեր ծրագիրը եւ ներկայանալ առ որ անկ է, ինքնավստահութեամբ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ճամբորդելու փափաքը տակաւին պահած էք ձեր սրտին մէջ, առանց երկար սպասելու` իրագործեցէք այս ծրագիրը եւ մի՛ յետաձգէք, որպէսզի չզղջաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ընտանի անասուններ ունիք, անոնց առողջութեամբ հետաքրքրուեցէք: Հարիւր տոկոսով չէք կրնար ապաւինիլ նման անասուններու հաւատարմութեան, որքան ալ խելացի նկատէք զանոնք: Ուշադիր եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այս նոր ամիսը շնորհաբեր պիտի ըլլայ ձեզի համար: Ինչ ծրագիր որ ունիք, առանց երկմտելու իրագործեցէք, կը յաջողիք: Ժամանակը յարգեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր լսած լուրը անմիջապէս երկրորդ անձի մը մի՛ ըսէք, կրնայ անհիմն տեղեկութիւն ըլլալ: Բերնէ բերան կ՛ըլլայ գերան: Իմացէք այս:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ կը սիրէք բոյսերով եւ ծաղիկներով զբաղիլ, շարունակեցէք զանոնք խնամել ինչպէս հարազատ ներկայութիւն մը: Բոյսերը, ծաղիկները կը խանդավառեն ձեզ եւ ձեզի լաւատեսութիւն պիտի ներշնչեն: Շարունակեցէք նոյն մտերմութիւնը բուսականութեան հետ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նամակներ ստացած էք, բայց անոնց չէք պատասխանած: Միայն ստանալը արժէք չէ, նաեւ` տալը, պէտք չէ մոռնալ: Եսակեդրոն մի՛ ըլլաք, այլ` ընկերասէր:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անդրադարձած էք, թէ տակաւին ընելիքներ ունիք, որոնց մասին չէք մտածեր: Ձեր շուրջը գտնուող կարիքաւորի մը օգնեցէք: Ան գոհ պիտի մնայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մէկ ձեռքով ծափ չի զարնուիր. այս կը նշանակէ, որ եթէ պէտք ունիք մերձաւոր անձի մը օժանդակութեան, առանց քաշուելու դիմեցէք անոր:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երեխաներուն եթէ խոստում տուած էք, կատարեցէք: Զանոնք խաբելը ճիշդ դաստիարակութիւն չէ: Մանուկները ուշիմ են եւ ոչինչ կը մոռնան:
