Հինգշաբթի, 28 օգոստոս 2014-ին, Պէյրութի Ուոթըր Ֆրոնթի շրջանէն ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի 37-րդ միջազգային ռելիին, վարորդներուն կողմէ կատարուած ցուցադրական մրցումէ մը ետք` ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու:
Ցուցադրական այս մրցումը յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը հովանաւորէ «Թոթալ» ընկերութիւնը` փորձելով այս մարզի սիրահարներուն հրամցնել յիշատակելի պահեր:
Ընկերութիւնը հրաւիրեալներուն տրամադրած էր յատուկ բաժին մը, որպէսզի անոնք աւելի մօտէն հետեւին այս ցուցադրական մրցումին, որ այս ռելիին Ա. հանգրուանը չի նկատուիր:
Լիբանանի մէջ «Թոթալ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն, ֆրանսացի Ժաք Սուփլէ, ողջունելով յատուկ հրաւիրեալները ըսաւ, որ այս ցուցադրական մրցումը կազմակերպելով, «Թոթալ» կը միտի այս ռելիին ունեցած յատուկ կարեւորութիւնը ըմբոշխնել տալ լիբանանցիներուն, որպէսզի անոնք անցընեն յիշատակելի եւ անմոռանալի պահեր:
Յամենայն դէպս, ներկայիս վարորդներուն համար բաւական դժուար օրեր կը սպասեն` նկատի ունենալով, որ անոնք ոգի ի բռին պէտք է պայքարին բոլոր ունեցած իրենց կարողութիւններն ու յատկութիւնները ցոյց տալու, որպէսզի կարենան պատուաբեր դիրքեր գրաւել, սակայն միեւնոյն ժամանակ ալ զգուշ ըլլալով, որ իրենց կեանքը վտանգի չենթարկեն եւ անվնաս դուրս գան այս ռելիէն:


