Պէյրութի 2014-ի միջազգային Մարաթոնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 9 նոյեմբեր 2014-ին: Այս գծով պաշտօնապէս յայտարարեց Պէյրութի Մարաթոնի միութեան նախագահ եւ հիմնադիր Մէյ Խալիլ` յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Սփորթինկ Քլապ» ակումբին մէջ (Ռաուշէ)` ներկայութեամբ մեծաթիւ մարզասէրներու եւ հրաւիրեալներու:
Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի, նախկին նախարարներ Զիատ Պարուտ եւ Հասան Տիապ, Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան նախագահը, Սպանիոյ, Լեհաստանի, Հոլանտայի, Սլովաքիոյ եւ Ուրուկուէյի դեսպանները, զինուորական եւ պետական անձնաւորութիւններ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի ներկայացուցիչը, Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատ, ֆետերասիոններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքէն ետք Հասան Մուհիէտտին Պէյրութի Մարաթոնին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելով հրաւիրեց Մէյ Խալիլը, որ արտասանէ իր խօսքը:
Իր խօսքին մէջ Խալիլ ըսաւ, որ բաղդատմամբ նախորդ տարուան, այս տարի մրցանակներու համար տրամադրուած ընդհանուր գումարը, փոխան 100 հազար ամերիկեան տոլարի, պիտի ըլլայ 250 հազար ամերիկեան տոլար:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին, որ մասնակցին այս Մարաթոնին` նկատի ունենալով, որ անիկա բոլոր լիբանանցիները իրարու միացնող կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկն է:
Այս առիթով իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին քաղաքապետ Համատ, նախկին նախարար Պարուտ եւ ուրիշներ, որոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին Մարաթոնին առաքելութիւնը եւ անոր մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ:


