Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան երէկ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ամփոփեց նախարարի պաշտօնավարման առաջին հարիւր օրերու ընթացքին իրականացած աշխատանքները:
«Նախ եւ առաջ կու գամ շնորհաւորելու Նանճինկի մէջ մեր մարզիկներուն ձեռք ձգած փայլուն արդիւնքներն ու յաջողութիւնները: Կառավարութեան ներկայացուցած ենք ծրագիր` ողիմպիական մրցանակակիրներուն ցմահ թոշակ նշանակելու համար: Իմ կարծիքովս ատիկա պիտի ըլլայ խթան մեր մարզիկներուն, որպէսզի ուրիշներ եւս փորձեն աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել: Միայն ախոյեաններուն չի բաւեր թոշակ տալը, այլ` արծաթէ եւ պրոնզէ մետալներու տիրացած մարզիկներուն ալ:
«Իրագործուելիք շատ ծրագիրներ կան, բնականաբար պիտի ըլլան ի շահ երկրին մարզական կեանքին վերելքին: Ասիկա իրականութիւն դարձնելու համար մենք կառավարութեան ներկայացուցած ենք մեր ծրագիրները: Անոնց իրագործման համար կառավարութիւնը պէտք է աւելցնէ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պիւտճէն», ըսաւ նախարար Ղազարեան:


