Լիբանանի ֆութպոլի երիտասարդներու ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 24 օգոստոսին, ՀՄԸՄ կը մրցի Ամալ Թրիփոլիի դէմ:
Մրցումը որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին տեղի պիտի ունենայ Թրիփոլիի պահեստի դաշտին վրայ:
Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ իր կատարած առաջին մրցումին, 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ահլի Նապաթիէի հետ, մինչ վաղուան անոր մրցակիցը 7-1 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութիւն մը կրեց Ախա Ահլի Ալէյէն:


