Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Զալկիրիսի ֆութպոլիստ Արտակ Եդիգարեան, որ նախորդ յունիսին ենթարկուեցաւ ծունկի վիրաբուժութեան, մինչեւ այս տարուան վերջը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ:
24 տարեկան Եդիգարեան, որ Հայաստանի հաւաքականին հետ ցարդ կատարած է 17 մրցում, ներկայիս Երեւանի մէջ ըլլալով հարցազրոյց մը ունեցած է ArmSport.am-ի թղթակիցին հետ եւ յոյս յայտնած, որ անպայման յառաջիկայ յունուարին միանայ Զալկիրիսի եւ իր խմբակիցներուն հետ կը սկսի իր սովորական փորձերուն:


