Յատուկ այցելութիւն մը տալով Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուիի, Լիբանանի ռակպիի ֆետերասիոնի նախագահ Ապտալլա Ժամմալ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց նախարարին ֆետերասիոնին տարած աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի` միջազգային մրցաշարքերու եւ Ռիօ տը Ժանէյրոյի 2016-ի ողիմպիականին մասնակցութեան մասին:
Ֆետերասիոնին նախագահը ըսաւ, որ Լիբանանի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանը պիտի սկսի 6 սեպտեմբերին` Ժունիէի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ մօտ օրէն պիտի սկսին դպրոցականներու եւ համալսարաններու ախոյեանութիւնները:


