
(Ատնան Հաժ Ալի)
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Սեն Ժոզեֆ հանդիսացաւ մեծագոյն յաղթականը, երբ 10-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ռապիհը:
Իր կարգին, կոլերու մեծ տարբերութեամբ յաղթանակ մը արձանագրեց «Էյ. Եու. Էս. Թի.»` 11-6 արդիւնքով յաղթելով Կանըրզ Լիպանոնին:
Ախոյեան Պէյրութի դրամատունը 7-4 արդիւնքով յաղթեց Քալամունի, մինչ Ֆայհա Թրիփոլի` Շուէյֆաթի (7-1):
Լիբանանեան բանակը, որ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, 9-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ղըպէյրին, առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ:


