Նախորդ շաբաթավերջին Թրոմսոյէն (Նորվեկիա) Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի ճատրակի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք ճատրակի 41-րդ միջազգային ողիմպիականին:
Իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ, Լիբանան 33 դիրքի ոստում մը արձանագրելով այժմ միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 75-րդ դիրքը (նախապէս` 108-րդ):
Արաբական երկիրներու դասաւորման մէջ, Լիբանանի տղոց հաւաքականը միջազգային ողիմպիականի աւարտին գրաւեց 3-րդ դիրքը` Եգիպտոսի եւ Քաթարի ետին, մինչ աղջկանց հաւաքականը` 4-րդ դիրքը, Եգիպտոսի, Ալճերիոյ եւ Յորդանանի ետին:
Ճատրակի միջազգային ողիմպիականին զուգահեռ, Թրոմսոյի մէջ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատըր յատուկ հանդիպում-ժողով մը ունեցաւ ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինովի հետ, որուն հետ քննարկեց այս մարզին վերաբերող հարցերը:
Նեպիլ Պատըր, որ գլխաւորեց ճատրակի միջերկրականեան ֆետերասիոնին ժողովը (իբրեւ նախագահ), յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիս տեղի պիտի ունենայ Միջերկրականեան խաղերու 2014-ի մրցաշարքը` Յունաստանի մէջ:


