Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի (Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ)

August 15, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

Աստուածածինն Ու Հայաստանեայց Եկեղեցին

Հայ հաւատացեալը խոր յարգանք եւ սէր ունեցած է Ս. Կոյսին հանդէպ քրիստոնէական առաջին դարերէն սկսեալ: Այս իրողութեան պերճախօս վկայութիւններէն մէկը այն է, որ աշխարհի մէջ կառուցուած առաջին հայկական եկեղեցին` Ս. Էջմիածնի տաճարը, սկզբնական շրջանին նուիրուած էր Աստուածածնի անուան: Այնուհետեւ պատմական Հայաստանի տարածքին կառուցուած են բազմաթիւ մատուռներ, եկեղեցիներ եւ վանքեր, որոնք կը կոչուէին Աստուածածնայ անունով:

Այս սրբատեղիները ունեցած են իրենց անուան տօնին առիթով (յատկապէս` Վերափոխման տօնին) իրենց հանդիսաւոր ուխտագնացութիւնները: Անոնք կոչուած են Հոգեաց Տիրամայր, Քաղցրահայեաց, Սիրահայեաց, Չարխափան, Խնդրակատար եւ այլ իմաստալից անուններով: Այդ բարեպաշտական զգացումներ արտայայտող բառերուն մէջ հայ հաւատացեալը` հոգեւորական կամ աշխարհական, խտացուցած է իր ապրումները Տիրամօր նկատմամբ, բացայայտած է իր սէրն ու երախտագիտութիւնը, յոյսն ու հաւատքը անոր հանդէպ, որ Մայրն էր Յիսուսի: Օրհներգած ու փառաբանած է անոր անփոխարինելի ու անկրկնելի դերակատարութիւնը:

4-1Patsotya-khoranԻնչպէս Հայաստան աշխարհի մէջ, այնպէս ալ աշխարհացրիւ հայկական սփիւռքի տարածքին,  օրինակ` Լիբանանի եւ Սուրիոյ, Կիպրոսի, Յունաստանի, Իրանի, Ամերիկայի եւ Քանատայի մէջ, Հայ եկեղեցւոյ զաւակները կառուցած են Աստուածածնին նուիրուած փառաւոր եկեղեցիներ: Անոնցմէ շատերը կառուցուած են յաւերժացնելու համար յիշատակը այն եկեղեցիներուն, որոնք հայրենի հողին վրայ դարեր շարունակ եղած էին իրենց հայրերուն եւ նախահայրերուն պաշտելի սրբավայրերը եւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք վերածուեցան սրբապղծուած աւերակներու եւ կամ անոնց հետքերն իսկ ոչնչացուեցան բարբարոս թուրքին կողմէ:

Աստուածածինը եղած է առհասարակ բոլոր հաւատացեալներուն, իսկ յատկապէս իգական սեռին պատկանող բարեպաշտուհիներուն ամէնէն սիրելի եւ սրտին մօտիկ սրբուհին: Հայ մայրեր, երբ կը վառէին իրենց մոմերը Ս. Կոյսի սրբանկարին առջեւ, ի խորոց սրտի բարձրացող իրենց աղօթքներուն ընդմէջէն անոր կը վստահէին իրենց սրտի գաղտնիքները, արտասուաթոր աչքերով անկէ կը հայցէին բարեխօսութիւն իր Միածին Որդւոյն մօտ:

Ան մայրն էր Յիսուսի, որ ականատես եղած էր Անոր կրած չարչարանքներուն, խաչելութեան, թաղման եւ յարութեան: Աստուածածնէն աւելի ո՞վ կրնար հասկնալ ու բաժնել մարդկային տառապանքներն ու վիշտերը. ահա թէ ինչո՛ւ ան քաղցրահայեաց, սիրահայեաց, գթառատ եւ խնդրակատար մայրն է բոլորիս:

Աստուածածնի անձը մեր շարականներուն մէջ նկարագրուած է, որպէս լուսեղէն տաճար, սափոր ոսկեղէն` լի երկնային մանանայով, մաքուր աղաւնի եւ երկնքի հարս, տաճար եւ աթոռ Աստուածորդիին, գերահրաշ եւ դրախտաբոյր ծաղիկ, «քեզ օրհնութեամբ կը փառաւորենք»:

Որպէս համայն մարդկութեան փրկութեան մայր` ան եղած է ներշնչումի աղբիւր բոլոր եկեղեցիներու արուեստագէտներուն համար, ըլլան անոնք աստուածաբան թէ բանաստեղծ, քանդակագործ թէ նկարիչ` ձեռագիրներու կամ որմանկարներու, եկեղեցիներու պատերու թէ խորանի` մեծ ու փոքր նկարներու: Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր գրականութեան բազմադարեան գանձարանը հարուստ է, ի շարս այլ գրական ստեղծագործութեանց, նաեւ Աստուածածնին նուիրուած շարականներով, տաղերով ու մեղեդիներով:

Մովսէս Քերթողին վերագրուող, Աստուածամօր փառքը հիւսող «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր» շարականներու շարքը նման է Աստուածամօր վիզէն կախուած ադամանդեայ մանեակի, մարգարտաշար գոհարեղէնի: Որքա՜ն լոյս եւ յոյս կայ անոնց մէջ, բանաստեղծական հզօր թռիչքով, գրական նուրբ պատկերներով յօրինուած այդ աղօթք-շարականներու եղանակները եւս մեծապէս հոգեթով ու ներշնչող են, որքան` անոնց խնկաբոյր ու սրբանուէր բառերը:

4-2Patsotya-khoran-2Պէտք է կարդալ նաեւ Նարեկայ վանքի եռամեծար Ս. Գրիգորի «Աղօթամատեան»-ին Աստուածամօր նուիրուած գլուխները` գաղափար մը կազմելու համար անոր` Աստուածածնին հետ ունեցած հոգեզրոյցի մասին: Ահա քանի մը տող անոր աղօթքներէն, քաղուած` Բան ԻԶ. եւ Ձ. գլուխներէն:

Երեսս հողին կը պաղատիմ քեզի, ո՜վ Մայր դու Յիսուսի,
Մեղաւո՛ր եմ, բարեխօսէ՛, ա՛խ քաւութիւն մաղթէ ինծի.
Դուն փրկանակ կեանքի հզօր, դուն իսկուհին ես երկնքի:
Օրհներգ, խունկի բոյր, անոյշ իւղ երկրի վրայ
քեզ կը մատուցուի:

Թախծութեամբ իսպառ տագնապած, կ՛աղաչեմ քեզի Սուրբ Աստուածածին:
Հրեշտակ` մարդոցմէ, մարմնատեսիլ քերովբէ, երկնաւոր թագուհի… ընդունէ դաւանողիս այս մաղթանքներու աղսերը, խառնէ քու պաղատանքներուդ:
Օժանդակէ ինծի աղօթքներուդ թեւերով, որպէսզի այս աշխարհի հովիտէն ելած ատենս, առանց տանջանքի երթամ քու պատրաստած օթեւանները: 

Ինչպէս մեր ներածականին մէջ նշեցինք, շուտով Հայաստանեայց եկեղեցին, մայր հայրենիքէն ու Արցախէն սկսեալ մինչեւ սփիւռքի բոլոր այն գաղութներուն մէջ, ուր հայկական եկեղեցի կայ, պիտի նշէ Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի տօնը: Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի խաղողօրհնէք: Պտուղներուն մէջէն մեր եկեղեցին ընտրած է խաղողը, որովհետեւ անոր հիւթը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի թափած անմեղ արիւնը խաչին վրայ. իսկ այն եկեղեցիները, որոնք Աստուածածին կը կոչուին, պիտի ունենան նաեւ իրենց մատաղօրհնէքը: Ոչխարներու զենումը, մատաղի պատրաստութիւնը, օրհնուած խաղողի բաժանումը բնականօրէն մեծ ոգեւորութիւն կը ստեղծեն հաւատացեալներուն մէջ: Անցեալին գեղեցիկ աւանդութիւն մը  կար, մինչեւ Աստուածածնայ տօնը` խաղողօրհնէքը, արգիլուած էր խաղող ուտել: Կարգ մը հաւատացեալներ տակաւին կը պահեն այս աւանդութիւնը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ունի Աստուածածնայ տօնին ուխտագնացութիւնը Պիքֆայայի մէջ: 1952 թուականէն ի վեր անխափան կերպով կը կատարուի այս տօնը մեծ հանդիսութեամբ, այն օրէն, երբ կառուցուած է Ս. Աստուածածնին նուիրուած մատուռը: Տարուէ տարի աւելի կազմակերպուած ձեւով, հոգեւոր դասախօսութեանց շարքով, հսկումով ու եպիսկոպոսական պատարագով տեղի կ՛ունենայ այս ուխտագնացութիւնը, որուն ընթացքին Աթոռիս վեհափառ հայրապետը իր պատգամը կու տայ ներկայ հաւատացեալներուն:

Վստահ ենք, որ այս տարի եւս մեր եկեղեցւոյ զաւակներու խուռներամ մասնակցութեամբ պիտի ոգեկոչուի Աստուածամօր նուիրուած մեծագոյն տօնը: Մեր մաղթանքն ու աղօթքն է, որ այս տօնակատարութիւնը առիթ մը ըլլայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար` վերանորոգելու իրենց ուխտը` հաւատարիմ մնալու Հայաստանեայց եկեղեցւոյ սրբութեանց եւ առաքելութեան:

5Bikfaya-veharanԲոլոր անոնք, որոնք վերջին ամիսներու ընթացքին եւ կամ երկար ժամանակէ ի վեր չեն այցելած Պիքֆայայի վանքը, ներկայ չեն եղած Աստուածածնին նուիրուած մատուռին մէջ ամառնային շրջանին մատուցուող պատարագներուն, այս տարի, երբ մասնակցին ուխտագնացութեան, պիտի գտնեն ամբողջութեամբ պայծառակերպութեան ընթացքի մէջ եղող սրբավայր մը:

Արամ Ա. կաթողիկոսի տեսիլքով եւ մեր Աթոռին ծառայական առաքելութեան հաւատացող ազնուաշուք բարերարներու նիւթաբարոյական սիրայօժար աջակցութեամբ, կաթողիկոսարանի երբեմնի համեստ ամարանոցը շուտով պիտի վերածուի, նոր վեհարան-հիւրանոցով, միաբանական նոր շէնքով, Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած եւ հայ ժողովուրդի զարթօնքը խորհրդանշող յուշարձանի շրջապատի բարեզարդումով, տակաւին` բացօթեայ մարմարակերտ խորանով ու շինարարական նոր ծրագիրներով, Սուրբ Աստուածածնայ վանքի համալիրի:

Լիայոյս ենք, որ նախքան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարին, այս նորոգութիւններն ու շինարարութիւնները իրենց աւարտին կը հասնին եւ Պիքֆայայի մէջ մենք կ՛ունենանք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երկրորդ փառաւոր վանքը, որ պատիւ կը բերէ համայն հայութեան, ուր ուխտի պիտի գան Հայ եկեղեցւոյ զաւակները` մօտիկ եւ հեռաւոր հայկական գաղութներէն:

Մենք փորձեցինք թոթովախօս լեզուով Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով մեր հոգեւոր խորհրդածութիւնները բաժնել մեր հաւատացեալ ժողովուրդին հետ, որուն նպատակը կրկին անգամ ներշնչումի աղբիւր դարձնել էր Աստուածածնի կեանքն ու անոր վիճակուած նախախնամական դերակատարութիւնը:

Սակայն այս գրութիւնը կ՛ուզէինք փակել` մէջբերելով Աստուածածնին նուիրուած այնքա՜ն հոգեգրաւ տաղերէն մէկը, որ ծանօթ է որպէս «Խունկի ծառին նման ես»: Այս տաղը իր բառերուն պարզութեամբ եւ գեղեցկութեամբ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ հաւատացեալներուն մօտ եւ յաճախ կ՛երգուի ժողովրդային կրօնական հանդիսութեանց ընթացքին:

Ուրեմն եկէ՛ք` մե՛նք ալ փառաբանենք Աստուածամայրը սրբազան շարականագիրին աղօթասաց բառերով:

 

Տաղ Սուրբ Աստուածածնի

Խունկի ծառին նման ես,
Դու քաղցրահամ պտուղ ես,
Բարի պտուղ բերած ես,
Աստուածածին մեղայ քեզ:

Դու հողանիւթ հրեշտակ ես,
Երկրէ երկինք դուն հարս ես,
Աստուած մարմնով ծնած ես,
Աստուածածին մեղայ քեզ:

Դու յորդառատ աղբիւր ես,
Ծարաւցածին արբումն ես,
Մեղաւորին քաւիչ ես,
Աստուածածին մեղայ քեզ:

Դու լուսեղէն տաճար ես,
Ոսկիապատ խորան ես,
Դուն մարգարիտ անգին ես,
Աստուածածին մեղայ քեզի:

 

Շնորհաւոր Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը:

 

(Շար. 2 եւ վերջ)
10 օգոստ. 2014
Պիքֆայա

 

Նախորդը

Աստուածածին, Մեղա՜յ Քեզ…

Յաջորդը

118 տարի առաջ Պանք Օթոմանը գրաւած էր Դաշնակցութեան կոմիտէն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.