Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

August 13, 2014
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի Նոր Հիմնական Կայան
«
Խոսրովի Անտառ Պետական Արգելոց»-ի
Յարակից Տարածքին Մէջ

IMG_3502Շարունակելով Հայաստանի հեռաւոր, լեռնային եւ նօսր բնակչութիւն ունեցող տարածքներուն մէջ շարժական հաղորդակցութեան ծառայութիւններ ապահովելու ծրագիրը` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը «Խոսրովի անտառ պետական արգելոց»-ին յարակից սեփական «Կովկասեան կենսաբազմազանութեան ապաստարան» կոչուող պահպանուող տարածքին մէջ հիմնական կայան տեղադրած է:

Նորակառոյց կայանը պիտի ծառայէ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի «Կովկասեան կենսաբազմազանութեան ապաստարան»-ին մէջ անխափան բջիջային կապի ապահովման, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ անձնակազմի եւ այցելու-գիտնականներու կողմէ արգելոցի տարածքին մէջ հետազօտութիւններու կազմակերպման: Բարձր լեռնային գօտիին մէջ բջիջային կապէն օգտուելու կարելիութիւններէն բացի, նորակառոյց կայանը կարելիութիւն պիտի տայ ճիշդ ժամանակին անհրաժեշտ տուեալներ փոխանցել Ուրցաձորի բնակրթական կեդրոնի սիմ-քարտի կարելիութիւն ունեցող թուային տեսախցիկներու միջոցով, զորս տրամադրած էր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը: Շատ արագ համացանցին շնորհիւ կեդրոն այցելողները կրնան կապ հաստատել արտաքին աշխարհին հետ:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը նաեւ կ՛օժանդակէ մեկուսացած այդ վայրին մէջ ելեկտրականութեան հոսանքի ապահովման` գետի ջուրին միջոցով:

«Նորարարութիւնը ինքնանպատակ կ՛ըլլար, եթէ չծառայէ մարդկութեան յառաջընթացին: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ին դերը մեր հասարակութեան մէջ չի սահմանափակուիր բնակչութեան հեռահաղորդակցութեան ծառայութիւններու տրամադրման շնորհիւ շահ ստանալով: Շրջակայ միջավայրը վտանգուած է: Հայաստան այն եզակի երկիրներէն է, որոնք ունին տեղայատուկ տեսակներու հարուստ կենսաբազմազանութիւն: Մենք պէտք է հոգ տանինք մեր բնական ժառանգութեան պահպանման, որովհետեւ վաղն իսկ կրնայ ուշ ըլլալ», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Ազատամարտիկներու Այգիի Վերաբացման
Հանդիսութիւն

0809ayki20809aykiԵրեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան 8 օգոստոսին ծաղկեպսակ զետեղած է Ազատամարտիկներու այգիին մէջ տեղադրուած Համաշխարհային Բ. պատերազմին եւ արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուածներու յիշատակին կառուցուած յուշարձանին առջեւ: Քաղաքապետը մասնակցած է Աջափնեակ վարչական շրջանի Սեբաստիա-Արա Սարգսեան փողոցներու հատման վայրին մէջ գտնուող վերակառուցուած հանրապարտէզին բացման արարողութեան: Հանրապարտէզին մէջ կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ, հանդիսութեան կը մասնակցէին նաեւ բազմաթիւ զինուորներ, ազատամարտիկներ եւ վարչական շրջանի բնակիչներ: Հանրապարտէզին բարեկարգման իբրեւ արդիւնք` տարածքը ամբողջութեամբ նոր տեսք ստացած է: Վերակառուցուած եւ սալապատուած են ճեմուղիները, առանձնացուած են ծաղիկներու տարածքներ: Ամբողջութեամբ վերանորոգուած է ոռոգման ցանցը: Հանրապարտէզին մէջ տեղադրուած են նոր նստարաններ եւ լուսամփոփներ:

Սահմանակից Գիւղերու Գիւղացիներուն
20
Միլիոն Դրամ Պիտի Յատկացուի

Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի սահմանամերձ 31 գիւղերու բնակիչներ 20 միլիոն դրամ (49 հազար տոլար) ընդհանուր չափով աջակցութիւն պիտի ստանան: Այդ մասին 7 օգոստոսին կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարած է տարածքային կառավարման փոխնախարար Վաչէ Տէրտէրեան: Անոր համաձայն, օգնութիւնը պիտի յատկացուի այն գիւղացիներուն, որոնց հողը կը գտնուի ազրպէյճանական կողմի գնդակոծութեան գօտիին մէջ, եւ այդ պատճառով չեն կրնար մշակել:

Որոշման մանրամասնութիւնները պիտի յստակացուին յառաջիկային, երբ անիկա ուժի մէջ մտնէ:

«Փառք Հերոսներին». Զոհուած Զինուորներու Յիշատակին
Մոմավառութիւն Կապանի Մէջ

Կապանի երիտասարդները 5 օգոստոսին մոմավառութիւն կազմակերպած են` ի յիշատակ ազրպէյճանական ներթափանցման գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք զոհուած հայ զինուորներուն:

Երիտասարդները կլոր շրջան կազմած մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են հայ հերոսներուն յիշատակը` ձեռքներին զոհուածներուն լուսանկարները:

Նշենք, որ զոհուած զինուորներ` Ազատ Ասոյեանը, Արարատ Խանոյեանը, Սարգիս Մովսիսեանը, Զօրիկ Գէորգեանը եւ Արամ Գրիգորեանը յետմահու պարգեւատրուած են նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:

Բաց Երկինքի Քաղաքականութեան Շնորհիւ`
Ուղեւորահոսքի 35 Տոկոսի Աճ

Յուլիս 2014-ին, 2013-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը աւելցած է 35 տոկոսով: Եթէ նախորդ յուլիսին «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած է 179,620 ուղեւոր, ապա այս տարուան յուլիսին ցուցանիշը կը կազմէ 242,098 ուղեւոր: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է «Արմէնիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութիւնը:

Թռիչքներու թիւին աճը այդ ժամանակաշրջանին հասած է 34 տոկոսի: 2014-ի յուլիսին կատարուած է 2208 թռիչք` նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին 1652 թռիչքի փոխարէն:

Եթէ յուլիս 2013-ին դէպի «Զուարթնոց» կանոնաւոր թռիչքներ կը կատարէին 27 օդանաւային ընկերութիւններ, ապա ներկայիս անոնց թիւը 33 է: Բացի ատկէ, օդանաւային ընկերութիւններէն շատեր աւելցուցած են իրենց թռիչքներուն յաճախականութիւնը բոլոր ուղղութիւններով` իբրեւ արդիւնք մրցակցութիւն եւ տոմսերու գինի նուազում արձանագրելով:

Արմատներուն Վերադառնալու Մեծ Շարժում
Տիգրանակերտի Մէջ

0804ari-doon-003Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցած է «Արի տուն» ծրագիրի 6-րդ հանգրուանի բացման արարողութիւնը: Մասնակիցներուն թիւը 182 է` 15 երկիրներէ, որոնց կարգին են Տիգրանակերտէն եկած իսլամացած հայեր:

Խումբի ղեկավար Կաֆուր Թուրքայը` Օհաննէս Օհանեանը, ըսած է, որ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ աշխարհով մէկ տարածուած հայերուն մէջ ամէնէն դժուարը իրենց` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մնացածներուն համար էր, որովհետեւ իրենք իրենց հողին վրայ կորսնցուցած են իրենց անունը, մականունն ու կրօնը: Թուրքայ նշած է, որ Տիգրանակերտի մէջ արմատներուն վերադառնալու մեծ շարժում սկսած է: Ինք եւս վերջերս վերադարձած է քրիստոնէական արմատներուն` վերագտնելով իր հայկական` Օհանեան մականունը:

Տիգրանակերտի հայերը «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելու կարելիութիւն ունեցած են քանատահայ երկրաչափ, բարերար Րաֆֆի Պետրոսեանի աջակցութեամբ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Հռչակման 23-րդ Տարեդարձի Նշում

0806arthurՕգոստոս 5-ին տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձի տօնական նախաձեռնութիւններու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնաժողովին առաջին նիստը, զոր վարած է յանձնաժողովի նախագահ, Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը:

Համապատասխան նախարարութիւններու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ քննարկուած են ձեռնարկներու նախապատրաստութեան առնչուող հարցեր:

Տօնական օրերուն կը նախատեսուի տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններ կազմակերպել երկրի բոլոր շրջաններուն մէջ: Պիտի կազմակերպուին պաշտօնական ընդունելութիւններ եւ պարգեւատրման արարողութիւններ:

Արցախի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի առաջին դասապահը պիտի նուիրուի Լեռնային Ղարաբաղի հռչակման օրուան. արիութեան դասին պիտի մասնակցին երեսփոխաններ, կառավարութեան անդամներ, արցախեան գոյամարտի վեթերաններ: Շուշիի մէջ պիտի բեմադրուի Ա. Տէրտէրեանի «Կրակէ օղակ» օփերան: Համերգային եւ մարզական նախաձեռնութիւններ եւ ժողովրդական զբօսահանդէսներ պիտի կայանան մայրաքաղաքին ու շրջաններուն մէջ: Տօնական ձեռնարկները պիտի աւարտին 2 սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ` համերգով եւ հրավառութեամբ:

Նիստի աւարտին Արթուր Աղաբեկեան համապատասխան նախարարութիւններու ղեկավարներուն յանձնարարականներ տուած է` նախաձեռնութիւնները պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու նպատակով:

Համահայկական Կրթական 6-րդ Խորհրդաժողովին
Կը Մասնակցին 134 Մասնագէտներ` 19 Երկիրներէ

0805educationՏասնինը երկիրներէ աւելի քան 130 ներկայացուցիչներ 4-8 օգոստոսին Հայաստանի մէջ մասնակցեցան Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմակերպած Համահայկական կրթական 6-րդ խորհրդաժողովին:

Այս տարի խորհրդաժողովը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ կազմակերպուող դպրոցական նախաձեռնութիւններու կայացման եւ համապատասխան նիւթերու դասաւանդման հարցերուն:

Օգոստոս 4-ին Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ ընթացք առած խորհրդաժողովին կը մասնակցին սփիւռքի ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան խնդիրներով զբաղող մարմիններու, կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ` ի դէմս թեմական կրթական խորհուրդներու, կրթական կառոյցներու հոգաբարձուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու:

Խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան ընթացքին մասնակիցներուն իր ուղերձը յղած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, իսկ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. փոխանցած էր իր օրհնութիւնը:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Կարինէ Յարութիւնեան ողջունեց ներկաները:  Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Սերգէյ Մանասարեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ իւրաքանչիւր ազգի հիմքը անոր լեզուն ու մշակոյթն է:

«Հազարամեակներու ընթացքին պետականութիւնը կորսնցուցած մեր ազգը գոյատեւեց եւ իր պետականութիւնը ստեղծեց իր մշակոյթի եւ լեզուի, գիրի ու գրականութեան շնորհիւ: Այդ արժէքներու պահպանումը դուք էք, սիրելի՛ ուսուցիչներ», նշեց Սերգէյ Մանասարեան:

«Առաջին անգամ ըլլալով չէ, որ Հայաստան կու գամ. մասնակցած եմ տարբեր ծրագիրներու: Ամէն տարի նոր ակնկալութիւններով կու գամ Հայաստան: Կ՛ուզեմ գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնամ շաբաթը անգամ մը դասաւանդութեամբ մանուկին ամէն բան սորվեցնել: Նախ ես պէտք է գիտնամ այդ բոլորը, որպէսզի աշակերտներուն փոխանցեմ: Իւրաքանչիւր դասարանի մէջ ունիմ 4-5 աշակերտ, իսկ, ընդհանուր առմամբ, 12 դասարան կայ», յայտնեց Նիւ Եորքի Ուայթ Փլէյնզ քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ միօրեայ վարժարանի մանկավարժ Եւա Քոչեանը:

Խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան աւարտին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Կատաղի Կռիւներ Թէլ Զաաթարի Եւ Հրըշ Թապէթի Շուրջ. Նահրի Կամուրջը Գրաւելու Լուրջ Փորձ Մը

Յաջորդը

«Ազատ Օր»-ի Հարցազրոյցը Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահ Գասպար Կարապետեանին Հետ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 18, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 4, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։