Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեպաշտ Եւ Բարեսէր Տիգրանուհի Չիւքիւլեանի Յիշատակին

August 9, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dikranouhie-TchukulianՀայաշէնի մէջ ամէն մարդ կը ճանչնայ զինք:

Տիգրանուհի Չիւքիւլեան բախտաւոր եւ անբախտ եղած է միեւնոյն ատեն: Ծնած է համեստ, բազմանդամ ընտանիքի յարկին տակ: Փոքր տարիքէն կը սիրէր եկեղեցին եւ աղօթքը: Երբ մայրը Տիգոն կորսնցնէր, զայն անպայման եկեղեցւոյ մէջ կը գտնէր, բայց ճակատագիրի խաղը եղաւ այնպէս, որ ան ակամայ հեռացաւ իր սիրած եկեղեցիէն:

Ընտանիքին դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային ծանր կացութեան պատճառով, ծնողքը ստիպուած զայն ուղարկեց Երուսաղէմ, ուր կ՛ապրէր իրենց ազգականը: Վերջինը խոստացաւ Տիգոն դպրոց արձանագրել, սակայն խոստումը չյարգելով աղջիկը օգտագործուեցաւ իբրեւ ծառայ: Այսպիսով Տիգրանուհի Չիւքիւլեանի երազը մնաց անկատար: Տարիներ ետք, մինչ Պէյրութէն ազգական մը կը գտնուէր Երուսաղէմ,  կը տեսնէ Տիգոյին վատ վիճակը, կը համաձայնի անոր հետ եւ զայն կը վերադարձնէ Պէյրութ` միանալու իր ընտանիքին: Մինչ այդ Տիգոն բաւական խելահաս եղած էր, տարիները ի զուր թաւալած էին եւ ան չէր կրնար երազն ու ուսում ստանալու տենչը իրականութիւն դարձնել:

Բայց բախտը որոշ չափով կը ժպտի անոր, կը վերադառնայ իրեն համար շատ սիրելի եկեղեցի, կը սկսի ինքնաշխատութեամբ այբուբեն սորվիլ եւ Ս. Գիրք կարդալ: Ան ինքզինք այնքան կը զարգացնէ եւ կը նուիրուի եկեղեցւոյ, որ աղօթքներուն ու շարականներուն մեծամասնութիւնը անգիր կը սորվի եւ ամէն կիրակի, առանց բացառութեան, ներկայ կը գտնուի Ս. պատարագին:

Բախտը կ՛ունենայ լաւ ընտանիքի մը մօտ ծառայելու եւ անոնց առատաձեռնութիւնը վայելելով ճամբորդել Անգլիա, Հայաստան եւ Երուսաղէմ, բայց այս անգամ ուխտի:

Տիգոն շատ առատաձեռն ու բարեսիրտ էր, կ՛օժանդակէր տկարին ու ծերունիին, իրմէ աւելի կարիքաւորին կ՛օգնէր առանց տատամսելու:

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիին եւ ԼՕԽ-ին հանդէպ մեծ սէր ունէր, ներկայ կ՛ըլլար բոլոր ձեռնարկներուն, կը քաջալերէր անոնց տարած նուիրեալ աշխատանքը:

Իր 80-ամեակին առիթով մեծ եղաւ ուրախութիւնը, երբ ԼՕԽ-ի ձեռնարկ-հաւաքի մը ընթացքին 80 թիւը կրող կարկանդակով մը անակնկալ պատուըւեցաւ իրենց կողմէ:

Տիգոն շատ բարի սիրտ ունէր, այդ պատճառով ալ Աստուած միշտ բարի մարդիկ կը հանէր դիմացը, մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը Տիգոն եղաւ Հայաշէնի ամէնէն սիրուած եւ շփացած ծերունին:

Յիշատակդ վառ մնայ եւ հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Տիգօ:

ՎԵՐԺԻՆ ԲԱՆԻԿԵԱՆ

Նախորդը

Դէպի Աւստրալիա. Ընտանեկան Դիմանկար

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.