Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

August 9, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ

Գրուածը հաւանաբար ուշացած նամակ մըն է` ուղղուած մեր հայրենակիցներուն ընդհանրապէս, բայց մասնաւորաբար լիբանանահայերուս` փարատելու համար Այնճարով տագնապող ու մտահոգուող բոլորին մտավախութիւնները…

Ժամանակէ մը ի վեր, բայց յատկապէս ամառնամուտին, հետզհետէ մեր ժողովուրդին մէջ զարգացաւ տրամադրութիւն մը, որ Այնճարը նկատեց պատերազմական վտանգաւոր գօտի, հոն այցելելը անհեռատես ուղեւորութիւն կամ ձեռնարկ, կազդուրման կայան-բանակում եւ այլն կազմակերպելը` արկածախնդրութիւն… Անհիմն, անիրական եւ տարաձայնութիւններու իբրեւ հետեւանք` ջնջուեցան Այնճարի մէջ նախատեսուած բազմաթիւ ծրագիրներ:

Միջին Արեւելքի քաղաքական ճգնաժամը ծանօթ է բոլորին: Այս կացութեան մէջ մեծագոյն տուժողը քրիստոնեաներն են անկասկած, բայց նաեւ հայկական մեր գաղութները ապրեցան ու կ՛ապրին իրենց պատմութեան ամէնէն ահաւոր օրերը` Հալէպի, Քեսապի թէ Մուսուլի մէջ: Բայց ասիկա երբեք չի նշանակեր, թէ կեանքը պիտի չշարունակուի Այնճարի մէջ, եւ զարմանալիօրէն վերջին շաբաթներուն ամէն անգամ որ Այնճարէն փոխադրակառքս կանգ կ՛առնէ Պուրճ Համուտի վաճառատանս դիմաց, Այնճարով մտահոգ անձեր հետեւեալ հարցումները կ՛ուղղեն ինծի եւ անշուշտ անմիջապէս կը ստանան իրենց պատասխանները:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այնճար ի՞նչ կայ, կ՛ըսեն, որ ապահով չէ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Սխալ տեղեկութիւն է, Այնճարի մէջ նախորդ շաբաթավերջին երկու թաղում, երկու մկրտութիւն եւ չորս հարսանիք տեղի ունեցաւ:

Հ.- Իրա՞ւ է, որ Այնճարի մէջ «ՏԱՀԵՇ»-ներ ձերբակալեր են, եկեղեցի՞ն պիտի պայթեցնեն եղեր…

Պ.- Սուտ տեղեկութիւն է, բայց ինչո՞ւ, Լիբանանի ո՞ր շրջանին մէջ լիբանանեան ապահովական ուժերը կասկածեալներ չեն ձերբակալեր:

Հ.- Ճի՞շդ է, որ Այնճարի մէջ ռումբի ձայն շատ լսուած է այս երկու օրերու ընթացքին…

Պ.- Ռումբի ձայն յաճախ կը լսուի սահմանին միւս կողմէն, Սուրիոյ խորերէն, բայց այդ զօրաւոր պայթիւնները «Հոթել Լայալի Շամս»-էն էին,  հարսանեկան խրախճանքի առիթով…

Հ.- Ճամբան ի՞նչ կայ չկայ…

Պ.- Բան մը չկայ. ճիշդ է, որ մէկ անգամ պայթում եղաւ, բայց Պէյրութի մէջ յաճախ պայթում կ՛ըլլայ. ես Պէյրութի մէջ աւելի անապահով կը զգամ, քան` Այնճարի մէջ…

Եւ այսպէս` անիմաստ հարցումներ ու անսպասելի պատասխաններ…

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Եթէ այսօր Լիբանանի մէջ կա՛յ ապահով շրջան, այդ շրջաններէն մէկը Այնճարն է: Տակաւին այս շաբաթավերջին Այնճար մուտք գործած օտար այցելուներուն թիւը գերազանցած է հարիւր հազարը, որոնք իբրեւ ապահով վայր, ժամանած են հոն` վայելելու Այնճարի գեղեցիկ բնութիւնը, տեսարժան վայրերը, բերդը, լողաւազանները եւ մանաւանդ` ճաշարանները…

Անցնող ամիս միջին հաշուով Այնճար մուտք գործած ու ելած են, շաբաթական դրութեամբ, քսանհինգ հազար ինքնաշարժ:

Ժողովուրդ, բարեկամներ, հարազատներ, հայրենակիցներ, Այնճարը այս ամառ եռուզեռի մէջ է, ինչպէս` նախորդ տարիներուն: Բնական ընթացքի մէջ են գիւղի միութենական թէ համայնքային աշխատանքները, որոնք գերխճողուած են: Նախորդ շաբաթ տեղի ունեցաւ եւ մեծ յաջողութեամբ ընթացաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի տարեկան բանակումը Այնճարի պարտէզներուն մէջ` մասնակցութեամբ աւելի քան երկու հարիւր յիսուն ՀՄԸՄ-ականներու:

Մեր գիւղը այս տարի, բաղդատած նախորդ տարիներուն, հարուստ է նաեւ պսակներով ու հարսանեկան խրախճանքներով… Այսինքն անբնական ոչինչ կայ Այնճարի մէջ:

Բնականօրէն նաեւ եկող օրերուն տեղի պիտի ունենան Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւնները, բայց անպայման սեպտեմբերի երկրորդ շաբաթավերջին` Մուսա Լերան հերոսամարտի 99-րդ ամեակի լայնածաւալ ձեռնարկները, որոնց նախապատրաստական աշխատանքները գրեթէ աւարտած են…

Ուրեմն սոյն նամականին թող ըլլայ նաեւ կոչ եւ հրաւէր, ուղղուած` մեր հայրենակիցներուն, գալու Այնճար, շարունակելու կամ սկսելու իրենց ծրագիրները, վայելելու հայաբոյր մթնոլորտը, ամրապնդուելու, վերաշխուժանալու, զօրանալու,  նաեւ հպարտանալու եւ իրենց ականատեսի վկայութեամբ ջրելու բոլոր այն սուտ վարկածները, որոնք Այնճար հայաւանը կը փորձեն վերածել անապահով գօտիի:

 

 

Նախորդը

Բարեպաշտ Եւ Բարեսէր Տիգրանուհի Չիւքիւլեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Ծունկի՛ Բերենք Հակառակորդին. Զօրավար Մովսէս Յակոբեան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.