Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Օրագրութիւն – 57

August 8, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Կը նահանջեն` ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ, կը նահանջեն` բարք, ըմբռնում,բարոյական, սէր, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն…Մեղա՜, մեղա՜ Արարատին….

Շ. Շահնուր

 

Երբ, իրիկնադէմին, մեղմ, հատ-հատ ղօղանջում է զանգը հին, խարխուլ զանգակատնից կանչում է նա: Ո՞վ է լսում: Ով էլ որ լսում է, շա՞տ բան է հասկանում….

Ե. Չարենց

 

0808_halebՇահնուր դեռ նոր կազմաւորուած սփիւռքի հալիլը կը տեսնէ, Չարենց այլեւս յիշատակի կծու ծուխ դարձած Մեծ Հայրենիքի ու հայրենի Կարսի անկումին ցաւերը կ՛ապրի…

Երկու ահազանգ- արթնացումի կոչ:

Այս օրերուն միտք մը յաճախ, ակամայ, կը ճեղքէ առօրեայի հոգերով բթացող ուղեղս ու իր հաստատուն տեղը կ՛ուզէ հոն, կը կանգնի հարցականի ձեւով, կը կանգնի հրամայակա՛ն ու ինձմէ անպայման պատասխան կ՛ուզէ: Ի՞նչ կրնամ պատասխանել անոր, երբ ինքս մեծ հարցականի տակ եմ: Բայց ան չի նահանջեր, ու մէկու մը հետ խօսած պահուս, մէկու մը հայօրէն խոր աչքերուն նայած, մէկու մը հարազատի մահուան առթիւ ցաւակցութեան գացած միջոցիս, եկեղեցոյ մէջ, հայկական մանրանկարչական պատկեր յիշեցնող տեսարանին դէմ, որ խորախորհուրդ խորանը, դպիրներուն տարազներն ու դէմքերը կը պատկերեն (իբրեւ յար շարունակուող երազ) կամ պարզապէս փողոցը քալած միջոցիս ան կը յայտնուի` ծանօթ ու, սակայն, որպէս մէկը, որմէ աւելի փախուստ տալ կ՛ուզեմ, քան` հանդիպիլ անոր. կը յայտնուի` որպէս այս քաղաքին վրայ  իջած մեծ հարցական: Ու ան ինծի կը հարցնէ` ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ հալէպահայ գաղութը յիսուն, քսան, տա՛ս տարի յետոյ, կամ, լաւատեսօրէն եթէ մօտենանք, պատերազմի (մօտակա՜յ) աւարտէն ետք: Ի՞նչ մնացած պիտի տեսնենք մաղին մէջ, երբ սկսինք մաղել մեր ունեցածը:

Հալէպը, ամէն պարագայի, պիտի նորոգուի ու ըլլայ աւելի գեղեցիկ ու բարեկեցիկ. սակայն հայ գաղո՞ւթը…

Հարցումը ինծի չէ միայն որ կ՛այցելէ. ան կը տեսնես բոլորին աչքերուն մէջ, որոնք ունակ են խորհելու իրենց ապուրէն անդին: Հարցումը կը լսես յաճախ խօսակցութիւններու մէջ ու պատասխանները լսել չես ուզեր, կամ շունչ առած` կը ժպտիս անոր, որ լաւատեսօրէն կը նայի վաղուան:

Այսօր, երբ ռուսական հեռատեսիլի կայանէ լուրեր կ՛առնէի, ընդմիջուեցաւ գովազդով: Մինչ արդէն կէս աչքով կը նայէի ու կը լսէի, թէ Ղրիմ առաջիններէն է Ռուսիոյ մէջ, ուրկէ մտած է քրիստոնէութիւնը (Բիւզանդիոնէն, 10-րդ դարուն վերջը) յանկարծ ցատկեցի տեղէս ու ակամայ պոռացի` «Մեր եկեղեցի՜ն, Հայոց եկեղեցի՜»: Կարծես ռուս խօսնակին հասկցնել ուզէի, թէ մի՛ մոռնար, հայոց եկեղեցի է ցոյց տուածդ, առաջիններէն մի՜ն: Ան` մեծ Ռուսիոյ զաւակը, անտարակոյս չլսեց զիս, եթէ լսէր ալ, պաղ զարմանքով պիտի նայէր, մինչ խանդավառութեանս փոխարինած արցունքներս միայն կատուս տեսաւ ու հասկցաւ, քանի որ հայ կատու է: Ոսկէ գմբէթներով հարուստ երկրի մը մէջ կը փայլէր, կը շողար, կը հմայէր իմ եկեղեցիս ո՛չ իր ոսկիներով, այլ  բռունցքուած իր միաձոյլ համանուագով, կուռ ու խորախորհուրդ խոյացումովը: Ե՞րբ էր, որ Ղրիմ գաղթած պապերս`

«…Հողէն զայն քար առ քար հանեցին
Ու երկինքէն իջուցին զայն ցօղ առ ցօղ, ամպ առ ամպ
Ու թաղուեցան անոր մէջ` հանդարտութեամբ, հեզութեամբ…»:

Սակայն, հուսկ ապա, տարուեցան ոսկիէ գմբէթներու փայլքով ու մոռցան այլեւս «Հաղորդուի՜լ անցեալին հաց ու գինով կենսառողջ»…

Ապա կը խօսիմ այլեւս անհետացած ու հոգիս տակնուվրայ ըրած իմ «հոգւոյս ծննդավայրին» հետ: «Ո՞րբ ես դուն, թէ՞ հայրենիքէն խուռներամ արտահոսող զաւակներդ քեզի ու հարաւային Ռուսիոյ տարածքի ուրիշ շատ որբացած եկեղեցիներուն տէր կ՛ըլլան, գէթ ժամանակաւոր, քանի որ այդ հողը զանոնք արագ կլլելու կարողութիւն ունի:

Ապա, անմիջական զուգորդութեամբ, կը յիշեմ մեր վիրաւոր Ս. Գէորգը, շարականի ձայնը մոռցած Քառասնից Մանկանցը ու կ՛աղաչեմ` «Աստուածն իմ բարեպաշտ պապերուս, եթէ ոչ մեզի, գոնէ անոնց հաւատքին ու սիրոյն համար խնայէ  այս ու միւս մեր սրբութիւններուն կորուստը»:

Ահա կ՛անցնիս վերջին հարիւր տարուան մէջ մեր կառուցածներուն քովէն (չեմ խօսիր հազարամեակներու մասին)` ակումբներ, դպրոցներ, մշակութային ու մարզական կեդրոններ, մանկապարտէզնե՜ր, ուրկէ հայու աչուկներով ժիր մանուկներու ճիչ-կանչերը կը ջերմացնեն հոգիդ. հայոց թաղեր, տուներ, խանութներ, արհեստանոցներ, տպարան ու դարմանատուն… տաքուկ  հոսանք մը կ՛անցնի հոգիէդ` «մե՛րը», թէկուզ անոնցմէ մաս մը սոսկ «մերն»-են ու մաս մըն ալ` աւելի՛ «մե՜րը…»: Ու այսօր, անոնց քովէն անցած պահուդ, ինչպէ՞ս կրնայ միտքիդ մէջ չծառանալ անոնց վաղուան ճակատագրին մասին հարցումը: Ո՞ւր կը պահես գլուխդ ու կը փախչիս զքեզ հետապնդող հարցումէն, երբ քիչ մը գէթ տեղեակ ես այս ժողովուրդին աշխարհով մէկ ստեղծած, կառուցած ու ապա լքած, հեռացածներէն:

Հաւանաբար կը զարմանաք կամ չափազանցուած կը գտնէք յուզումներս, սակայն ետ նայինք  դարերուն մէջէն մեր անցած ճամբաներուն:

Ահա՛ երբեմնի լեհահայ գաղութը: Ան եւս ունէր վերը նշուածներուն մեծ մասը:

Անիկա կազմաւորուած էր դեռ տասնմէկերորդ դարէն, Անին աժան կորսնցնելէն ետք (վերջը յիշեցէք ու արցունք թափեցէք), յաջորդող դարերուն ստուարացած էր` շնորհիւ մոնկոլ-սելճուքեան «մարդասիրութեան» ու հայկական «հայրենասիրութեան»: Մեծ ու բազմամարդ գաղութ` Լեհաստանի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ` եկեղեցիներ, դպրոցներ, տեղական մշակոյթի վրայ կնիք դնող արհեստաւորներ, արուեստագէտներ ու միտքի մարդիկ, երկրաշէն վաճառականութիւն, ու նաեւ` գրչութեան կեդրոն, դպրոց մը ըլլալու չափ… ո՞ւր են այսօր: Պատճառնե՞րը. կրնաք գտնել պատմութեան գիրքերու ու մանաւանդ` մենք մեզմէ ու մերինէն յոգնելու, զայն լքելու, «եկեղեցին եկեղեցի է» յայտարարելու ու օտարին հետ մերուելու մեր մեծ փափաքին մէջ (դիւրին է մեղադրել օտարները):

Խօսի՞մ նաեւ մեծ ու շէն (հարո՜ւստ) հնդկահայ գաղութին մասին, ուր հայոց առաջին լրագիրը տպուեցաւ, իսկ աւելի մօտակայ ժամանակներու` Եգիպտոսի մեծ գաղութի՞ն, որ իր ծաղկումին օրերուն, երբ սուլթան Համիտ կը հալածէր հայ միտքն ու արիւնը, հիւրընկալեց պոլսահայ մտաւորականութեան ընտրանին, որոնց կարգին` Օտեան ու իր անմահ «Յեղափոխութեան մակաբոյծները»:

Դառնա՞նք Իրաքին, Երուսաղէմին, Թիֆլիսին, նոյնիսկ` Պաքուին ալ…դո՛ւք ըսէք…

0808_haleb1Ու այսօր կարգը Հալէպի՞ն է` սփիւռքը սնուցող գաղութին: Երբ կը քալէի փողոցը, կարճ ժամանակի մէջ բազում ծանօթ դէմքերու տաք ժպիտներ կը տեսնէի: Այսօր ինծի խորթ աչքով կը նային փողոցները: Այսօր հեռաձայնի տետրակէս (հնաոճ եմ ու դեռ տետրակ կը պահեմ) ջնջեցի, անխղճաբար ջնջեցի բազմաթիւ անուններ` սիրելի, հաճելի, բարեկամ ու նաեւ` չարակամ մարդոց (անոնք ալ գոյութեան իրաւունք ունին), ու տակը մնացածին համար էջ մը իսկ շատ էր:

Ա-ն մեկնեցաւ Ամերիկա (ընտանիքո՜վ)

Բ-ն ….. Քանատա

Գ-ն….. Շուէտ

Դ-ն….. Հոլանտա, Գերմանիա, Ապու Տապի… քի՞չ են երկիրներ մոլորակին վրայ…

Ե-ը զոհուեցաւ հրասանդէ…

Զ-ն սիրտի կաթուած ստացաւ` սնանկանալու  պատճառով….

Քանի մը անգամ կրկնելու եմ հայոց տառերը…

Կը գաղթեն` ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ, կը գաղթեն` բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր, կը գաղթէ…. լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն… Մեղա՜, մեղա՜ Արարատին….

Ու վաղը հայ աշակերտներ պիտի նստի՞ն մեր դպրոցներու նստարաններուն. պիտի գտնուի՞ն հայ ուսուցիչներ ու մանաւանդ` հայերէնի ուսուցիչներ: Քանի որ անոնք ալ որ չեն գացած, կը ծրագրեն երթալ, «երբ կարելի ըլլայ…»:

Մտադրութիւնս  բնաւ յուսահատեցնել չէ, այլ` ահազանգել մոլորակով մէկ. հայե՛ր, արթնցէ՛ք, կը սիրենք բաղդատուիլ ազգի մը հետ, որ չեղած տեղէն, ուրիշի հաշուոյն հայրենիք ստեղծեց, մինչդեռ մենք մոլորակը ըրած հայրենիք` կը լքենք մեր հազարամեայ հողը ու նաեւ այն երկիրը, որ ընդունեց ու վերակենդանութիւն տուաւ մեր խլեակներուն: Պահ մը վա՛ր դրէք ճամպրուկները ու ճա՜ր գտէք. ըրէք հրաշք այնպէս, որ բոլոր ճամբաները տանին Երեւան ու բնա՛ւ անկէ ելլեն: Ու եթէ Հալէպէն ելլելու ստիպուածութիւն կայ, ապա ճամբաներն ալ միայն ու միայն Երեւան տանին` իբրեւ հաստատուն ու վերջնական հանգրուան: Հայե՛ր, դուք ունի՛ք այդ կարողութիւնը, եթէ ազգակործան այս աղէտին առջեւ չէք անտարբեր եւ կամ (մեղա՜) Յուդային մեղսակից…

 

 

 

Նախորդը

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Յաճախակի Եւ…Ապարդիւն Ընդհարումներ

Յաջորդը

Ակնարկ. «Կը Խնդրուի Չխաչաձեւել»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.