Երէկ` կիրակի, 3 օգոստոսին տեղի ունեցան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումները:
ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մրցեցաւ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի դէմ, արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը, այս անգամ 67-31 արդիւնքով:
ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցած այս մրցումին յաջորդեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Թատամոն Զուք մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի յաղթանակով` 54-35 արդիւնքով:


