Լիբանանեան մարզական մամուլին իր յղած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը գուժեց Լիբանանի անցեալի ախոյեան եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Նազիկ Յովհաննէսեան-Նատերի մահը, որ պատահեցաւ Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Ան փինկ փոնկի մարզատեսակը սկսած է կիրարկել իր եղբօր` Լիբանանի ախոյեան Վահագն Յովհաննէսեանի օժանդակութեամբ` իրեն մարզիչ ունենալով Պօղոս Յովհաննէսեանը:
Անոր միջազգային առաջին մասնակցութիւնը եղած է 1956-ին, երբ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած է Արաբական 2-րդ ախոյեանութիւնը, ապա 1960-ին` Ժունիէի մէջ Արաբական 3-րդ ախոյեանութիւնը, երբ Լիբանան հանդիսացաւ 2-րդ` երկու մրցաշարքերուն:
Ան 1957-ին, 1962-ին, 1964-ին, 1970-ին եւ 1974-ին հանդիսացած է Լիբանանի անհատական ախոյեան:
1967-ին ան տիտղոսը մէկ անգամ միայն կորսնցնելէ ետք յօգուտ Մալիքա Շուքէյրի (Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա), երեսուն տարիներ շարունակ տիտղոսը պահած է իր մօտ:
1970-ին եւ 1974-ին ան ՀՄԸՄ Պէյրութի հետ, հանդիսացած է Լիբանանի խմբային ախոյեան, ինչպէս նաեւ տիրացած է շարք մը խմբային խառն տիտղոսներու:
Ան ամուսնացած է Շեհապ Նատերի հետ եւ ունի 3 զաւակ:
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը իր հրապարակած այս հաղորդագրութիւնը եզրափակեց նշելով, որ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոր ընտանիքին եւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին:


