Իրանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 15 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ազգային խումբը կրեց իր առաջին պարտութիւնը, երբ դժուարութեամբ եւ կէտի մը տարբերութեամբ` 74-73 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իրաքէն:
Այս մրցումին Լիբանան երրորդ քորթըրի աւարտին 13 կէտով (63-50) ուշացած էր:
Լիբանան, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթած էր Սուրիոյ, այսօր կը մրցի Յորդանանի, իսկ վաղը` Իրանի դէմ:


