Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի . Վէրք… Վիրահայոց

August 1, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0720-yegeghetsi-1Կիրակի, յուլիս 20-ին, Վրաստանի շքեղ Թիֆլիս քաղաքին մէջ պատահած դէպքը անցողակի պարզ մանրուք մը չէր, հակառակ անոր որ այդպէս կը փափաքի հաւաստիացնել Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը, ըստ որուն, հայոց եկեղեցւոյ մօտ պատահած միջադէպը ազգամիջեան` էթնիք բնոյթ չունէր, այլ պարզապէս եկեղեցւոյ կից գտնուող ինքնաշարժներու կառատան մը մէջ ծագած վիճաբանութեան մը արդիւնքն է մէկ կողմէն տեղացի կնոջ մը եւ անոր ծանօթներուն եւ միւս կողմէն` եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու թեմի պաշտօնեաներուն միջեւ:

Դժբախտաբար տեղւոյն ղեկավարութիւնը ցայսօր կ՛ուզէ ծածկել իրականութիւնը եւ կը խուսափի պատասխանատուութիւն ստանձնելէ:

Այսօր հետզհետէ աւելի սաստկացած է ատելութիւնը ծայրայեղ վրացիներու մօտ, որոնք ամէն գնով կը փորձեն հարուածել, տկարացնել, վիրաւորել… վիրահայութիւնը:

Հայորդիէն եւ յատկապէս վիրահայէն աւելի, նոյնիսկ վրացիին համար որքան նշանակութիւն ունի, թէ ամենահայոցներ` աշուղ Սայաթ Նովա, յօրինող երաժիշտ Արամ Խաչատուրեան, թատրոնի չաստուած Գաբրիէլ Սունդուկեան, բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեան, շարժապատկերի տիտան Սերգէյ Փարաջանով, բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան, գրագէտ Նար-Դոս, կրթական մշակ Նիկոլ Աղբալեան, գիտնական Վիքթոր Համբարձումեան, արուեստագէտ Երուանդ Քոչար… եւ ճատրակի «մաէսթրօ» Տիգրան Պետրոսեան կը մնան Թիֆլիսի պատմութիւն կերտած անձնաւորութիւններէն: Անոնց մեծամասնութիւնը ոչ թէ միայն իրենց կեանքի մեծագոյն մասը ապրած են …Կուր գետի ափի այդ շքեղ մայրաքաղաքին մէջ, այլ նոյնիսկ մեծամասնութիւնը այդ քաղաքին մէջ ծնած ու կնքուած է… Սուրբ Գէորգ, Սուրբ Նշան, Նորաշէն, Սուրբ Աստուածածին կամ նոյնինքն Սուրբ Էջմիածին եկեղեցիներուն մէջ:

Վերոյիշեալ անձնաւորութիւններէն աւելի հանրածանօթ թիֆլիսահայի մը` Ալեքսանտր Խատիսեանի համար, թէ՛ իբրեւ վրացի եւ թէ՛ իբրեւ հայորդի, այս քստմնելի արարքը խոր վրդովում յառաջացուցած պիտի ըլլար:

Արդարեւ, աւելի քան եօթը տարի Թիֆլիսի քաղաքապետի (1910-1917) պաշտօնը ստանձնած եւ ապա Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետի դժուար պարտականութիւնը կատարած, քաղաքապետ եւ նախարար Խատիսեան եթէ ողջ ըլլար, որքա՜ն զայրացած պիտի ըլլար: Նախկին քաղաքապետն ու վարչապետը նաեւ իբրեւ արտաքին գործոց նախարար պիտի ջղագրգռուէր, նկատի ունենալով, որ Վրաստան լրջօրէն կը մտադրէ մուտքի յատուկ այցեգիր պահանջել Հայաստանի քաղաքացիներէն:

Ծայրայեղ ու կրքոտ դիրքորոշումներ անյարիր են երկու երկիրներու ժողովուրդներու բարեկամութեան համար… մանաւանդ որ տարիներէ ի վեր կուտակուող այս կենցաղային մակարդակով հայ եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայութեան նկատմամբ սերմանուող ատելութեան դէմ ոչ մէկ շօշափելի աշխատանք կը տարուի:

Մթնոլորտը կը մնայ մտահոգիչ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, թէ խուլիկան յարձակողները ինչպիսի՛ ազգային ատելութեամբ լեցուած եղած են հայութեան նկատմամբ եւ դեռ… իւրացուցած են հոգեւորականներէն մէկուն լանջախաչը:

 

Նախորդը

Վրաստանում Փորձում Են Ջնջել Հայի Հետքը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի «Էքսթրիմ Էտվենչըր 3» Ստեղծեց Մեծ Խանդավառութիւն

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.