Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴԳԾԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ` ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ԻՐ ՀՈՂԵՐՆ ՈՒ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ

July 12, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Շարպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման զգուշացուց Իսրայէլի կողմէ տրուած ինքնագլուխ որոշումներէն, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ծովային սահմաններուն: Ան ընդգծեց, որ Իսրայէլ կը խախտէ միջազգային օրէնքներն ու կանոնները` աւելցնելով, որ Լիբանան պատրաստ է պաշտպանելու իր հողային ու ծովային սահմանները, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ պաշտպանելու իր իրաւունքներն ու հարստութիւնները` օգտագործելով իր բոլոր միջոցներն ու կարողութիւնները:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի ծովային սահմաններուն եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի հանքերուն թղթածրարը կառավարութեան յառաջիկայ հինգշաբթի օրուան նիստին պիտի քննարկուի, որպէսզի կարելի ըլլայ գործադիր իշխանութեան պաշտօնական կեցուածքը ճշդել Լիբանանի գերիշխանութեան գծով:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան որդեգրած միջոցառումները` պահպանելու համար երկրին ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը` Ինքնութեան եւ գերիշխանութեան հանդիպումի պատուիրակութեան հետ

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ, որ նախագահին հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ինքնութեան եւ գերիշխանութեան հանդիպումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Կի Պուլոս Նժէյմ եպիսկոպոսը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սալամէ:

Քննարկուեցան հանդիպումին ստանձնած ազգային հարցերը:

 

Նախորդը

«ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԻՆՔՆԱԳԼՈՒԽ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ԴԷՄ ՊԻՏԻ ԲՈՂՈՔԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ԿԱՌՉԱԾ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆՔ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԱՏՆԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐ

Յաջորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (13 ՅՈՒԼԻՍ 1961)

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.