Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ՈՒԶԷ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԴԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՄԻՐՈՍԼԱՒ ԼԱՅՉԱՔ

July 12, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միրոսլաւ Լայչաք

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարութեան` Արեւելեան դրացնութեան ծրագիրի գործադիր տնօրէն Միրոսլաւ Լայչաք «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած բացառիկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին պաշտօնական Պրիւքսելը Հարաւային Կովկաս պիտի ուղարկէ իր նոր յատուկ ներկայացուցիչը, որուն հիմնական առաքելութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ նպաստել շրջանի տագնապներուն, որոնց շարքին` ղարաբաղեան տագնապի լուծման:

Ան ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ ընդլայնել իր դերակատարութիւնը տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ, սակայն` ոչ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հաշուոյն:

Լայչաք նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Մինսքի խմբակին եւ տագնապի քաղաքական լուծումը գտնելու անոր ջանքերուն: Ըստ անոր, միեւնոյն ժամանակ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն մօտ այժմ աճող համոզում կայ, որ պաշտօնական Պրիւքսելը նոյնպէս պէտք է աշխուժ եւ տեսանելի դերակատարութիւն ունենայ: «Ղարաբաղեան խնդիրը անմիջականօրէն մեր կողքին գտնուող միակ հարցն է, որուն լուծման գծով Եւրոպական Միութիւնը ուղղակիօրէն ներգրաւուած չէ: Մենք չենք կրնար յարաբերութիւններ ունենալ մեր արեւելեան դրացիներուն հետ եւ ձեւացնել, որ այդ հարցը գոյութիւն չունի», ըսաւ Լայչաք:

Ըստ անոր, այժմ Եւրոպական Միութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ ԵԱՀԿևի Մինսքի խմբակին հետ` որոշելու համար, թէ որոշակի ի՛նչ քայլեր, ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս կրնայ ձեռնարկել Պրիւքսել` լուծման ուղղութեամբ:

Եւրոպացի դիւանագէտը նաեւ նշեց, որ այս հարցին պատասխանը կախուած է ոչ թէ Մինսքի խմբակին հետ քննարկումներէն, այլ բանակցութիւններէն:

Լայչաք ընդգծեց, որ ներկայիս սեղանի վրայ կը գտնուի քաղաքական լուծումը, որ գործունէութեան նոր դաշտ պիտի բանայ բազմաթիւ գործող անձերու, որոնց շարքին` Եւրոպական Միութեան համար: Ըստ անոր, Պրիւքսել կրնայ շատ բան ընել, օրինակ` կողմերը մօտեցնել, խթանել երկխօսութիւնը հասարակութիւններուն միջեւ եւ եւրոպական չափանիշներ բերել: «Սակայն, այդ քայլերը կախուած են բանակցային հոլովոյթի ուժականութենէն. եթէ յառաջընթաց ըլլայ, Եւրոպական Միութեան համար ներգրաւուածութեան աւելի մեծ դաշտ կը բացուի, եթէ յառաջընթաց չըլլայ, եւրոպական ընտանիքը աւելի քիչ բան ընելու կարելիութիւն պիտի ունենայ», ընդգծեց Միրոսլաւ Լայչաք:

Եւրոպացի դիւանագէտը նշեց, որ այս տագնապին նկատմամբ Եւրոպական Միութեան հետաքրքրութեան ամէնէն վառ ապացոյցը այս փաստն է, որ շատ շուտով արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն պիտի նշանակէ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան նոր ներկայացուցիչ: Ըստ Լայչաքի, այս նշանակումը պիտի ըլլայ այն միջոցը, որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ կեանքի կոչելու Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումները, շահերը եւ քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ:

Նախորդը

ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Յաջորդը

ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.