Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգ. «Ազդակ» Օրաթերթը Կ՛ոգեկոչէ Գրագէտ Պօղոս Սնապեանը` Յատուկ Թիւ Մը Նուիրելով Անոր

July 26, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ

26-07-Title-Aztag-Havelvadz-CLՕրերը թաւալեցան արագ-արագ: Դեռ երէկ էր, երբ Այնճարի մէջ հողին կը յանձնուէր գրականագէտ ու «Բագին»-ի երկարամեայ խմբագրապետ Պօղոս Սնապեանի անշունչ մարմինը: Հիմա արդէն քառասունքն ալ հասաւ…

Բայց այս քառասունքը նշանաւորուեցաւ շա՛տ տեղին նախաձեռնութեամբ մը:

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը, քանի մը օր առաջ, կիրակի, 20 Յուլիսի նախօրէին, հրապարակ հանեց իր պատրաստած յատուկ «Յաւելուած»-ը` ամբողջութեամբ նուիրուած Պօղոս Սնապեանին:

Որքա՜ն սքանչելի մտայղացում մը, նաեւ երախտագիտական արդա՛ր տուրք մը` հանդէպ գրչի անկրկնելի վաստակաւորի մը, որուն մնայուն ներկայութիւնը Պէյրութի մէջ օրհնութիւն մըն էր գաղութին համար…

«Յաւելուած»-ը կը բաղկանայ 24 էջերէ: Այստեղ իրենց ստորագրութիւնը դրած են` Նազարէթ Պէրպէրեան (Աթէնք), Մարի Ռոզ ԱպուսէՖեան (Սան Ֆրանսիսքօ), Շահանդուխտ, Կարօ Արմէնեան, Պօղոս Շահմելիքեան (Լոս Անճելըս), Նորա Արիսեան (Դամասկոս), Սեդա Գրիգորեան (Լոս Անճելըս), Նորա Բարսեղեան, Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան, Սեւակ Քենտիրճեան, Ժաք Յ. Յակոբեան, Փանոս Ճերանեան (Մոնրէալ), Համբիկ Պիլալեան եւ Գէորգ Պետիկեան: Տեղ տրուած է նաեւ հանգուցեալին յուղարկաւորութեան ընթացքին արտասանուած դամբանախօսութիւններու կամ այդ առթիւ հասած ցաւակցագիրերու… Վերջաւորութեան, տրուած է գրաւոր պատճէնը այն շահեկան ու բովանդակալից հարցազրոյցին, զոր վերջերս Պէյրութի «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանը կատարեր է երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ու «Բագին»-ի այժմու խմբագիր Յակոբ Պալեանի հետ` զանոնք խօսեցնելով Պօղոս Սնապեանի մասին:

Վերը յիշատակուած անուններէն ոմանք բախտն ունեցեր են աշակերտելու Սնապեանին, ուրիշներ գործակցեր են անոր հետ: Բոլորն ալ կը շեշտեն ողբացեալ գրագէտին ջղուտ նկարագիրը, վեր կ՛առնեն անոր գրականագիտական խորունկ պաշարը, գրական գործեր վերլուծելու բացառիկ հմտութիւնը, պայծառ ու հմայիչ լեզուն, երիտասարդ գրասէր սերունդներու վրայ թողած ազդեցութիւնը եւ այլն:

Կար ժամանակ, երբ Պ. Սնապեան վարիչ-խմբագիրն էր «Բագին»-ին , կը սիրէր ատենը մէկ Բացառիկ թիւեր նուիրել մեր գրականութեան երեւելի դէմքերուն: Օրինակ, այդպիսի թանկագին թիւեր նուիրած էր` Մեսրոպ Մաշտոցին, Սայաթ Նովային, Յակոբ Օշականին, Համաստեղին, Ակսէլ Բակունցին, Եղիշէ Չարենցին, Մուշեղ Գալշոյեանին, Աւետիս Ահարոնեանին, Պետրոս Դուրեանին, Եդուարդ Պոյաճեանին, Կոմիտասին, Թէքէեանին, Սիամանթոյին եւ այլոց:

Հիմա, ի՛ր մահուան առթիւ, իր անմիջական գործակիցները իրե՛ն կը նուիրեն «Ազդակ»-ի յատուկ թիւ մը…

Կեանքի անիմանալի խորհուրդն է այս…:

 

Յ.Գ.- «Ազդակ»-իայս «Յաւելուած»-ըկարելիէամբողջովինկարդալհամացանցիվրայ` մտնելովթերթինպաշտօնականկայքէջը

Նախորդը

Նոր Գիրքեր. Քեսապի Երեք Օրերը (21-23 Մարտ 2014)

Յաջորդը

Վրէժ-Արմէնի «Իմ Ուղեպատումը»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։