ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ալաշկերտի 17 տարեկան ֆութպոլիստ, Հայաստանի պատանիներու հաւաքականի թեկնածու Վլատիմիր Պապայեան շաբաթասկիզբին մեկնեցաւ Զուիցերիա` Պալ ֆութպոլի ակումբին հետ փորձառական շրջան մը անցընելու համար:
Ըստ կնքուած համաձայնութեան, այդ փորձառական շրջանը պիտի տեւէ մէկ ամիս: Անհրաժեշտութեան պարագային, Պապայեան իր փորձերը պիտի շարունակէ զուիցերիական այլ ակումբներու` Լոզանի եւ Ցիւրիխի հետ, կը յայտնէ Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ Պապայեան նախապէս փորձառական շրջան մը անցուցած է Հայդուկի հետ (Խրուաթիա):


