ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ սեպտեմբերին պիտի յստականայ, որ Քաթար պիտի հիւրընկալէ՞ 2022-ի Մոնտիալը, թէ՞ ոչ:
Այդ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ սեպտեմբեր ամսուան սկիզբը ՖԻՖԱ-ն իր ձեռքերուն մէջ պիտի ունենայ այն թղթածրարը, որ պատրաստուած է նշանակուած յատուկ յանձնախումբին կողմէ, որուն մէջ նշուած պիտի ըլլայ, թէ արդեօք զեղծարարութիւններ տեղի ունեցա՞ծ են Քաթարի` 2022-ի Մոնտիալը հիւրընկալելու թեկնածութիւնը յաջողցնելու համար:
Կը կարծուի, որ ՖԻՖԱ-ի մէկ յանձնախումբին նախկին անդամը, Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Մոհամետ Պըն Համմամ միլիոնաւոր տոլարներ ծախսած է եւ շատերը կաշառած` Քաթարի թեկնածութիւնը յաջողցնելու համար:
Նշենք, որ այս հարցին շուրջ ՖԻՖԱ-ին հետաքննութիւնները կը շարունակուին 18 ամիսէ ի վեր:


