Ուրալի գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Թարխանով, խօսելով Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցած ուսումնամարզական հաւաքին մասին, նշեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան այդ հաւաքին ընթացքին առողջական խնդիրներ ունենալով, միայն վերջին քանի մը օրը սկսաւ մարզուիլ եւ փորձեր կատարել իր խմբակիցներուն հետ:
Ուրալի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ըստ մարզիչին, այդ հաւաքը եղաւ շատ դրական, որովհետեւ ան իր ծրագրած աշխատանքը ամբողջութեամբ կատարեց:


