Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Փաթրիս Էվրա միացաւ իրենց կազմին` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:
33 տարեկան Էվրա, որ 8,5 տարիէ ի վեր մաս կը կազմէ Եունայթըտի, ըսաւ, որ իտալական կազմին միանալով այլ էջ մը կը բանայ ֆութպոլիստի իր ասպարէզին մէջ:
Եուվենթուս, որ անոր փոխանցման համար վճարեց 1,2 միլիոն փաունտ (2,05 միլիոն ամերիկեան տոլար), յաւելեալ 300 հազար փաունտ եւս պիտի վճարէ Եունայթըտին, եթէ ապահովէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2015-2016 տարեշրջանի իր տոմսը:


