Կազմակերպութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ համագործակցութեամբ «Արցախ ֆոնտ»-ին, լիբանանցի աշակերտներ երէկ երեկոյեան ուղղուեցան Լեռնային Ղարաբաղ` մասնակցելու համար «Ասպետ» ռազմամարզական ճամբարին:
22 յուլիսէն 2 օգոստոս տեւող մարզահայրենասիրական այս ճամբարին ընթացքին լիբանանահայ աւարտական դասարաններու աշակերտները առիթը պիտի ունենան յարաբերելու իրենց տարեկից արցախցիներու հետ, հետեւելու դաստիարակչական ծրագիրի մը, մասնակցելու զանազան ձեռնարկներու, ծանօթանալու Արցախի պատմական ու մշակութային արժէքներուն, այցելելու բանակի զօրամասերը եւ ապրելու հայ զինուորի առօրեան:
12 աշակերտները ճամբարին մասնակցութեան ընդմէջէն առիթ պիտի ունենան հաստատելու, որ սփիւռքահայութիւնը, յատկապէս` լիբանանահայութիւնը զօրավիգ է ու մասնակից` Արցախի պետականութեան ամրապնդման եւ հզօրացման:
Նշենք, որ «Ասպետ»-ի մասնակիցները նախորդ շաբաթներուն ընթացքին հանդիպում մը ունեցած էին «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչներուն հետ եւ տեղեկացած ճամբարին մանրամասնութիւններուն մասին:


