Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց իր պաշտօնավարութեան շրջանի անդրանիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող շարք մը վարչական եւ հաստատութենական հարցեր:
Շարպել մաղթեց, որ յառաջիկային նախարարութեան մէջ գումարուելիք նիստերը վերածուին նախարարութեան աշխատանքները, անձնակազմն ու պաշտօնեաները գնահատելու եւ անոնց տարած աշխատանքներն ու իրագործած նուաճումները դրուատելու նիստերու: Ան ընդգծեց օրէնքին եւ կանոնին համաձայն գործելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` բարելաւելու համար նաեւ քաղաքապետարաններուն աշխատանքները:
«Լիբանանցիներուն ծառայութեան առումով մենք նոր էջ մը պիտի բանանք եւ երբեք թուլամորթ պիտի չգտնուինք օրինազանցութիւններուն, յատկապէս` գողութեան հարցերուն առումով», ըսաւ Շարպել: Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն չմտահոգուելու օրէնքներուն գործադրութեան հարցով` աւելցնելով, որ ինք պիտի հսկէ այդ աշխատանքին եւ ճիգ պիտի չխնայէ վերջ տալու աւազակութեան ու մսխումին:
Ներքին գործոց նախարարը դիտել տուաւ նաեւ, որ ինք ատակ անձերը պիտի նշանակէ` ստանձնելու համար որոշ պատասխանատու պաշտօններ, շեշտելով, որ ինք պիտի մերժէ աշխատիլ այնպիսի սպաներու հետ, որոնք իրենց գործակիցներուն հետ ներդաշնակութեամբ չեն աշխատիր եւ երկրին ու քաղաքացիին շահերը նկատի չեն առներ:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ առեւանգուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն հարցին` Շարպել մաղթեց, որ այդ թղթածրարը մօտիկ ապագային հասնի իր ուրախ աւարտին` նկատի ունենալով այս իմաստով ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ տարուող տքնաջան աշխատանքը:


