ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Զբաղեցէք ձեր անձնական կարիքներով, մի՛ ցրուէք ձեր ուժերը, կատարեցէք անհրաժեշտը եւ բաժին հանեցէք հանգստանալու, հաճոյանալու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Առանց ձեր ներկայութեան` որոշուած տօնը բացակայութիւն պիտի արձանագրէ: Մի՛ զրկուիք նման հաճելի պահեր ապրելու առիթէն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այս օրերուն կը նաւարկէք երազելով: Մօտ է այն օրը, երբ պիտի կարենաք ձեր ուզած ձեւով թիավարել մաքուր ջուրերու մէջ` հասնելու ձեր նպատակին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի առաջարկուի օգնել նորագիր գործակիցի մը: Մի՛ հպարտանաք, այլ համակերպեցէք, ընդունեցէք հարցը այնպէս, ինչպէս որ է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի գտնէք փաստաթուղթ մը, որ պիտի դիւրացնէ իրագործելու ձեր անձնական մէկ գործառնութիւնը: Օրը յաջող նկատեցէք եւ գործի անցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կ՛ուզէք գոհացնել ձեր բոլոր գործակիցները, բարեկամները` ձեր լաւ վերաբերումով, բայց ոմանք չեն հանդուրժեր եւ կը նախանձին: Ուրեմն լաւ ճանչցէք ձեր շուրջը գտնուողները:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կարգապահութիւն պարտադրեցէք մանուկներուն, ձեր զաւակներուն, որպէսզի լաւ կատարեն իրենց ամառնային արձակուրդի պարտականութիւնները:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ամառնային այս օրերուն մարզանք ըրէք, երբ ժամանակ ունիք, որպէսզի բարեձեւ մնաք: Վերամուտին ձեզ տեսնողները պիտի գնահատեն ձեր բարեձեւութիւնը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր յուշերը պիտի վերակենդանացնէք` զանոնք վերյիշելով, որպէսզի չմոռցուին եւ պատմութեան չանցնին: Անցեալը մոռնալը մեծ սխալ է: Պահեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ նոր աշխատանք մը գտնելու վրայ էք, պիտի կարենաք գտնել ձեր փնտռածը եւ գոհանալ: Շարունակեցէք մնալ բնական ընթացքով, կը յաջողիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շնորհաւորեցէք անոնք, որոնք լաւ աշխատանք կատարած են: Այս վերաբերումը ձրի է: Ուրեմն ուրախացուցէք ձեր շուրջինները:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր կարծիքը տուէք հարցի մը համար, զոր կը պահանջուի ձեզմէ: Այդ հարցին հետ ոչ մէկ կապակցութիւն ունիք, հետեւաբար դիւրին է ճշմարտութիւնը ըսելը:
