ԼՕԽ-ի 55-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 11, շաբաթ, 12 եւ կիրակի, 13 յուլիսին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Զեփիւռ Ռէյիսեանի եռօրեայ աշխատանքի 5 նիստերուն ընթացքին ժողովը քննեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերէ եկած առաջարկները եւ պատրաստեց համապատասխան բանաձեւ: Եռօրեայ աշխատանքի աւարտին ժողովը ընտրեց 2014-2016 տարեշրջանի համար նոր Շրջանային վարչութիւն մը` հետեւեալ կազմով.
Թալին Գլպաշեան, Լիլիան Օրտողլեան, Իսկուհի Գաբլանեան, Սօսի Արամեան, Սիրուն Վարդապետեան, Սանդուխտ Հերկելեան, Ազատ Սարգիսեան, Այտա Խուստիկեան, Մարօ Սալխանեան, Սիլվա Գարակէօզեան եւ Վարդուհի Տէվէլեան:
Ընտրուեցան նաեւ 3 փոխ անդամներ`
Սալբի Աննայեան, Սեւան Ադամեան եւ Հուրի Պաճիկեան:


