Անցնող օրերուն ընթացքին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պիքֆայայի հովուոցի վեհարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց կրօնական, համայնքային ու պետական հիւրեր: Այցելուներուն շարքին էին հետեւեալ անձերը.
Ա) Նախկին նախարար Ժան Լուի Քըրտահին, որուն հետ վեհափառ հայրապետը քննարկեց Ժիպէյլի հողաշերտին հետ առնչուած ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր:
Բ) Վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայաստանի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան: Գերապայծառը ընդհանուր զեկուցում մը տուաւ վեհափառ հայրապետին Հայաստանի հայ կաթողիկէ համայնքին մասին, ինչպէս նաեւ հրաւիրեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցիչ մը ղրկէ` իր նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք քրիստոնեայ հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացման գործակցութեան վերաբերող համագումարին մասնակցելու համար:
Գ) Վեհափառ հայրապետին այցելեցին Գերմանիոյ Պերկշթրասէ շրջանի կառավարիչ Մաթիաս Վիլքես եւ Գերմանիոյ Հեսսեն երկրամասին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս դոկտ. Սթիվըն Պրայըն Ֆերա: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ աղերս ունեցող նիւթեր:


