Յաջորդաբար 10-րդ տարին ըլլալով Ժամհուր կազմակերպեց Փաթրիք Ասսաֆի յիշատակին նուիրուած փինկ փոնկի տարիքային մրցաշարքը` հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին:
Տարբեր դասակարգերու այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 315 երկսեռ մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Լիբանանեան բանակ, Շապապ Ֆաուար, Շեպիպեթ Մասիհիէ, Անդրանիկ, ՀՄԸՄ, Շապապ Նապայ, Շապապ Պէյթ Քըքքօ, Ֆրեր Ժըմմէյզի, Մոն լա Սալ, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա, Շեպիպեթ Շիահ, Ռիատի Պէյրութ, Պաուշրիէ եւ Ժամհուր:
Այս մրցաշարքին ՀՄԸՄ տիրացաւ երեք առաջնութեան` հետեւեալ ձեւով. Ժաուատ Եարետ (փոքրեր), Պերճ Կէօքէօզեան (կրտսերներ) եւ Միրէյ Պոյաճեան (աղջիկներ):
Նշենք, որ ՀՄԸՄ տիրացաւ նաեւ արծաթ մետալի մը` շնորհիւ Ճենիֆըր Խայեաթի (փոքր աղջիկներ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն:


