Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եիւրկըն Քլինսմանի ընտանիքին պատկանող եւ Շթութկարթի մէջ գտնուող հացատան մէջ պատրաստուած են յատուկ փոքրիկ կարկանդակներ, որոնց վրայ գրուած է` 7:1:
Ասիկա կատարելով` Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին ֆութպոլիստը եւ անոր ընտանիքը իւրայատուկ ձեւով մը կը նշեն Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին 2014-ի Մոնտիալի կիսաւարտականին արձանագրած անոր փառահեղ յաղթանակը Պրազիլի դէմ` 7-1 արդիւնքով:
Նշենք, որ այս լուրը հրապարակեց ArmSport.am` օգտագործելով «Նիւ Եորք Տէյլի Նիուզ»-ին հրապարակած մէկ լուրը:


