Իտալական ֆութպոլի անուանի աստղերէն Ալեսանտրօ Տել Փիեռօ յայտնած է, որ իրեն համար շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ, եթէ իր ֆութպոլիստի արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ սկովտիական Սելթիք ակումբին հետ:
«Տը Սան» կը մէջբերէ անոր հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Երկու տարի առաջ ատիկա տեղի պիտի ունենար, բայց տարբեր պատճառներով չկատարուեցաւ: Այժմ եթէ անիկա իրականանայ, շատ ուրախ պիտի ըլլամ»:


