Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինքնութեան Մը Քաղաքականացումը

July 10, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Հայկական ինքնութեան յստակ սահմանում մը գոյութիւն չունի տակաւին: Եթէ անցեալին մեծամասնութեան նոյն հողին վրայ ապրելու բերումով ժողովուրդը ենթակայ էր նոյնանման ճակատագիրի, այսօր զանազան գաղութներ կը դիմագրաւեն հայկական իրականութեան տարբեր դժուարութիւններ. աւելի՛ն, հայկական ինքնութիւնը  անցած է  նոր հանգրուան մը` շնորհիւ երեւան ելած հայութեան ոչ քրիստոնեայ հատուածին, որ երկար ժամանակ, առնուազն, շարունակած է գոյատեւել մեր տեսադաշտէն թաքուն. անոնք իսլամ, իսլամացած կամ իսլամացուած հայերու շառաւիղներն են:

Համշէնագէտ Յովան Սիմոնեանին հետ մեր ունեցած զրոյցին ժամանակ ան կը նշէ, որ պատմութեան ընթացքին ոչ միայն հայերը, այլ Պոնտոսի (Սեւ ծով) շրջանի բոլոր ժողովուրդները` յոյները, լազերը եւ վրացիները իսլամացած են: Ան կը շարունակէ` աւելցնելով, որ «իսլամացումը միայն Համշէնին յատուկ բան մը չէ եղած: Հայոց աշխարհի զանազան տեղեր իսլամացում ապրած են, իսկ Համշէնը կը տարբերի անով, որ հոն ուրիշ ազգեր չկային, օրինակ` քիւրտեր, որպէսզի հայերը անոնց հետ խառնուելով` կորսնցնէին իրենց ինքնութիւնը: Լեռներուն վրայ համշէնահայերը շուրջի ազգերէն հեռու մնալով` պահած են իրենց ինքնութիւնը եւ դարձած են «հէմշիններ», ի տարբերութիւն միւս շրջաններուն, ուր` «իսլամացման հետ զուգահեռ կ՛ընթանար քրտացումը, արաբացումը, պարսկացումը կամ թրքացումը. անոնց հետքերը դժբախտաբար կորսուած են, ու չենք գիտեր իրենց մասին, թերեւս իրենք ալ չեն գիտեր, քանի որ դարերու ընթացքին խառնուած են»:

Իսլամացում` Ի Սէր Հայութեան

«Համշէնի լեռնային դիրքը կարելիութիւն ստեղծած է անոնց, որ ամբողջովին չձուլուին իսլամ գերիշխող մեծամասնութեան մէջ եւ ըլլան իսլամ, իսկ տեղական մակարդակի վրայ որոշ չափով պահեն իրենց մշակութային եւ լեզուական յատկութիւնները: Համշէնցիները` «իսլամացած են իրենց քաղաքական ուժը պահելու համար եւ նաեւ իրենց մշակութային-լեզուական պատկանելիութիւնը եւ ունեցուածքը չկորսնցնելու համար», կը յայտնէ Սիմոնեան: «Հաւանաբար տեսնելով դրացի լազերուն իսլամացումը` համշէնցիները խուսափած են խտրականութեան ենթակայ ըլլալէ» եւ կրօնք զոհած են իրենց մշակոյթին եւ ինքնութեան դիմաց, ի վերջոյ, այս մէկն ալ նահատակութիւն մըն է «վասն հայրենեաց»: Խօսելով անոնց կրօնափոխութեան քաղաքական հրամայականին մասին, Սիմոնեան կը շարունակէ` ըսելով, որ` «հայոց աշխարհի միւս մասերուն մէջ քիւրտերուն նկատմամբ հայերը տկար դուրս եկած են, քանի որ չեն իսլամացած, օրինակի համար, իսկ հոս իսլամացումը զէնք եղած է պաշտպանելու համար իրենց ունեցուածքը»:

Իսլամացում` Բռնի՞, Թէ՞ Կամովին

Ի վերջոյ, համշէնցիները արդեօք իսլամացուա՞ծ, թէ՞ իսլամացած են: Սիմոնեան կ՛ըսէ, որ` «գոնէ առաջին մէկ-երկու դարերուն եւ գոնէ մէկ մասին համար իսլամացումը եղած է կեղծ: Գոյութիւն ունեցած է կէս-կէսներու պարագան, այսինքն` գաղտնօրէն քրիստոնեայ ու հրապարակաւ որպէս իսլամ ապրողներ, որոնք նախապէս շատ մեծ թիւ կը հաշուէին: Նկատի ունենալով, որ այս պարագան երկար չի կրնար տեւել, անոնց թիւը միշտ նուազած է: Այն ընտանիքները, որոնք 19-րդ դարուն կը պատկանէին կէս-կէսներու խումբին, չի նշանակեր, որ մինչեւ հիմա այդպէս մնացած են: Կարգ մը գիտնականներ հարիւր տարի առաջուան աղբիւրները կէս-կէսներու մասին կը գործածեն այսօրուան ժողովրդագրութիւններու մէջ, ինչ որ սխալ է: Այսպիսի պարագաները միշտ կը փոխուին, կարճ ժամանակի մէջ նոր իրականութիւններ ի յայտ կու գան: Հաւանաբար հիմա այլեւս կէս-կէս շատ քիչ են կամ ալ բոլորովին գոյութիւն չունին:»

Համշէնագիտութիւն

Խօսելով համշէնագիտութեան մասին` Սիմոնեան կ՛ըսէ, որ` «համշէնագիտութիւնը կը մօտենայ հայագիտութեան կարգ մը ճիւղերուն: Անցեալը եթէ սերտենք, Համշէնի միջնադարը, նոյնն է հայոց միջնադարուն հետ, նոյն ձեռագիրները նոյն յիշատակարաններն են: Մինչեւ իսլամացման ժամանակաշրջանը, Համշէնի պատմութիւնը մաս կը կազմէ հայոց պատմութեան: Սակայն, ի տարբերութիւն ընդհանուր հայագիտութեան, համշէնագիտութիւնը ունի այլ յատկութիւն մը, որ կը գտնուի Պոնտոսի աշխարհին մէջ: Ուրեմն պոնտագիտութեան հետ ալ կապ ունի բնականաբար: Նոյն ատեն թէ՛ հայագիտութիւն, թէ՛ պոնտագիտութիւն է»:

Հայ մտաւորականութեան գիտական աշխարհին մաս կազմելուն մասին ան ըսաւ, որ` «ասպարէզ մըն է ի վերջոյ,  զոր հայերը շատ չեն գնահատեր: Նոյն հետաքրքրութիւնը ունեցողները աշխարհի մէջ ցրուած են եւ միայն համագումարներու ժամանակ կը հանդիպինք իրարու, եւ կամ, որքան որ կարելի է, համացանցի միջոցով»:

Ինքնութեան Շահագործում`
Բոլորին Կողմէն

Համշէնահայութեան վերայայտնաբերումը ցնցած է ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ` թուրքերն ու թրքական կառավարութիւնը, որ զերծ չի մնար անոնց ինքնութեան քաղաքականօրէն շահագործումէն: Իսկ հայկական մակարդակի վրայ տեղի կ՛ունենան անոնց ինքնութեան մասին տարբեր քննարկումներ: Սիմոնեան կ՛ըսէ. «Այս խնդիրը իրենցմէ` համշէնահայերէն կախեալ է: Իրենք պիտի որոշեն ատիկա, որովհետեւ առաջին հարցը այն է, թէ իրենք զիրենք իբրեւ հայ կ՛ընդունի՞ն, թէ՞ ոչ, եւ միայն երկրորդը` թէ հայերը զիրենք կ՛ընդունի՞ն իբրեւ հայ, թէ՞ ոչ: Հաւանաբար համշէնցիներն ալ միակարծիք չեն այս ուղղութեամբ, նոյնիսկ նոյն ընտանիքի անդամներուն միջեւ տարակարծութիւն կայ: Մէկ բան յստակ է` անոնք անձեր են, որոնց նախահայրերը իսլամացած հայեր են»:

Իսլամացած Հայերուն
Ինքնութեան Հարցերը Խրթին Են

Յովան Սիմոնեան օրինակ մը բերելով կը յայտնէ, թէ որքան խրթին կրնան ըլլալ իսլամ հայերու ինքնութեան խնդիրները: «Խորհրդային Միութեան օրերուն Աճարիոյ մէջ բնակող համշէնահայերը Ստալինը աքսորած էր Կեդրոնական Ասիա: Երբ 1989-1990 թուականներուն նոյնպէս Կեդրոնական Ասիա աքսորուած մեսխեթ թուրքերուն դէմ, որոնք իսլամացած վրացիներ են, ջարդեր կազմակերպուեցան, իսլամացած համշէնահայերը (հէմշինները) վախցան ջարդուելէ ու այսպիսով փախուստ տուին հոնկէ` հաստատուելով Սոչի: Այսօր Սոչի հարիւր հազարներով հայեր կ՛ապրին, ներառեալ` գոնէ երկու հարիւր հազար քրիստոնեայ համշէնահայեր, որոնք նոյն լեզուն ու բարբառը կը գործածեն իսլամացած համշէնահայերուն պէս, քանի որ, վերջապէս, անոնք նոյն արմատները ունին: Տրամաբանօրէն նախապէս քրիստոնեայ այս մարդիկը, որոնք հաստատուած են Ռուսիոյ հայահոծ շրջանի մը մէջ, պէտք էր մօտենային քրիստոնեայ համշէնցի հայրենակիցներու, բայց կը պատահի հակառակը: Երբ անոնք եկած են Կեդրոնական Ասիայէն, կրօնով շատ չէին հետաքրքրուած», կը հաստատէ ան: Սիմոնեան կ’ըսէ, թէ մինչ այդ երբ Թուրքիայէն մեծ թիւով միսիոնարներ կ՛երթան եւ հոն հաստատուած հէմշիններուն մէջ իսլամութիւն կը քարոզեն` դարձնելով զանոնք նոյնիսկ մոլեռանդ իսլամներ, Սոչիի քրիստոնեայ համշէնահայերէն միայն քանի մը հոգի կը հետաքրքրուի իրենց իսլամացած հայրենակիցներով:

Սիմոնեան կ՛աւարտէ միտքը` ընդգծելով, որ` «Հիմա հարցը այս է` եթէ մենք մեր մէջ ապրողներուն (Սոչի) չկրցանք բան մը ընել եւ թոյլ տուինք, որ հակառակը տեղի ունենայ, Թուրքիոյ մէջ ինչպէ՞ս պիտի ընենք»:

 

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հալէպի Բնակչութիւնը Նոր Աղէտի Մը Սեմին… Եթէ Առաջքը Չառնուի

Յաջորդը

Տել Փիեռօ Կը Մտածէ Սելթիք Փոխադրուելու Մասին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.