Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կազմակերպութեամբ` Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացքի Աշխատանքներու Աւարտման Առիթով` Սրտի Խօսք, Շնորհակալութիւն Եւ Երախտագիտութիւն

July 4, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԱԼ ՊԱՂՉԵՃԵԱՆ-ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Աննմա՛ն դասախօսներ,

Ինչպիսի բառերով պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք մեզի նկատմամբ ձեր ցուցաբերած անսահման, այլեւ անհուն գուրգուրանքին համար, ամբողջ 8 ամիսներ, երբ իւրաքանչիւրդ մեզի կը փոխանցէիք գիտելիքներ, մեր մայրենի լեզուի խտացեալ դասընթացքի պահերուն: Պահեր, երբ մեզ փոխադրեցիք հայրենիք` քերականութեամբ, գրականութեամբ, մշակոյթով, մամուլով, եկեղեցական պատմութեամբ թէ մատենագրութեամբ:

Երկուստեք` դասախօսներ թէ մասնակցողներ, բարձր գնահատեցինք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արամ Ա. վեհափառին պարգեւած այս հրաշալի առիթը` ըմբոշխնելու համար մեզի ներկայացուածը, շատ շնորհալի եւ նուիրեալ դասախօսներու կողմէ, տնօրէնութեամբ` Սարգիս Կիրակոսեանի: Այս բարձրորակ դասախօսական կազմին անդամներն էին` Ժիրայր Դանիէլեան, Մովսէս Հերկելեան, Կարօ Յովհաննէսեան, Գեղանի Էթիեմեզեան եւ Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան: Իւրաքանչիւրին կը յայտնենք մեր անսահման երախտագիտութիւնը` դասընթացքի տեւողութեան իրենց ստեղծած սքանչելի մթնոլորտին համար, ուր մեր մատենագիրները, պատմագիրները, մամուլի ծառայողները կամ գրականութեան մշակները պանծալի եւ հպարտալի իրենց գործերով վերակենդանացած էին: Վերլուծեցինք եւ մեծ հաճոյքով ըմբոշխնեցինք մեզի ներկայացուած այս դասախօսութիւնները: Ընդհանրապէս ուսուցչուհիներ, մանկապարտիզպանուհիներ թէ մայրեր` մեր անսահման շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ձեզմէ իւրաքանչիւրին` ձեր ներկայացուցած այս հսկայ եւ օգտաշատ աշխատանքին համար: Շնորհիւ ձեզի, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի համաշխարհային չափանիշով արժէքներու քննարկումը կատարեցինք: Յակոբ Մեղապարտ, Ուրբաթագիրք, Նուարսակի դաշնագիր, Մովսէս Խորենացի, Ղազար Փարպեցի, Կոստան Զարեան, Զարեհ Խրախունի, Արշիլ Կորքի թէ Այվազովսքի իրենց փառապանծ անցեալով թէ ներկայով եղան մեր հետաքրքրութեան նիւթերն ու վերլուծումի աշխատանքներու վերնագրերը:

Վարձքերնիդ կատար, սիրելի՛ դասախօսներ, մեր գաղութի թանկարժէք գանձեր:

Անթիլիաս, 22 յունիս 2014

 

 

Նախորդը

«Ներկայ Մարտահրաւէրներին Դիմակայելու Համար Արցախում Պէտք Է Լինի Խորհրդարանական Կառավարման Համակարգ». Ա. Աղաբեկեան

Յաջորդը

Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացքի Աւարտման Առիթով` Շնորհակալութիւն Եւ Ցտեսութիւն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.